ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2022-ն ու 2023-ը յաջորդաբար «Սփիւռքի Տարի» հռչակելը՝ յանձնառութեան մրճահարող ահազանգ է, ուղղուած՝ ազգային  անյետաձգելի այլեւ հրամայական պատասխանատուութեան կոչելու համասփիւռքեան կեդրոնախոյս զանգուածը առաջնորդելու կոչուած ազգային համապատասխան ղեկավարութիւնները, ռազմավարութեան նոր ձեւաչափերով, իրապաշտական եւ գործնական  լուծումներու հարթակի վրայ հակակշռելու գոյերթի նախադրեալներուն սպառնացող, նորօրեայ առկայ մարտահրաւէրները:
Այս ուղղութեամբ մեր մտորումները ակամայ կ’ուղղուին ցաւոտ եզրայանգումի, ընդ որուն՝ անկարելի կը դառնայ կեդրոնազուրկ, կեդրոնախոյս, բազմատարր ու բազմաբնոյթ էութեամբ յատկանշուող մեր «ՍՓԻՒՌՔ»-ի յղացքը դիտարկել լոկ ժամանակի մը եւ վայրի մը սահմաններով ճշդուող հարթակի վրայ, ուր հնարաւոր ըլլայ համապատասխան վերլուծութիւններով եւ մատնանշումներով լուծումներ առաջարկել անոր խճանկարային տարածութեան վրայ եղկելիօրէն ի յայտ եկած ճգնաժամային հանգուցաւոր հարցախնդիրներուն, ուր «տարագիր հայերու» եւ «տարաբնակ հայերու» լինելիութեան պայքարի ճակատները կը զուգահեռուին  ազգային ինքնութեան պահպանման հասարակաց պահանջքներու առանցքին մէջ:
Այսօր ակնբախ իրականութիւն է, որ Սփիւռքի հայահոծ հնամեայ գաղութներուն մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման կանոնակարգը կ’ենթարկուի նոր ազատական դրամատիրութեան քաղաքականութեան յարուցած անհակակշռելի վտանգներուն, որոնք ընդհանրապէս չպատճառաբանուած պատերազմներու եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած՝ տնտեսական սուր տագնապներու գործած աւերներով եւս աւելի կը սպառնան ազգային փոքրամասնութիւններու ինքնութեան կայունութեան, թիրախ դարձնելով «սփիւռքներու» կարգավիճակով գոյատեւող մեր «փոքր ածուներու» անհող կառոյցը, առաջին հերթին ցնցելով եկեղեցի-դպրոց-մամուլ երրորդութեան տնտեսական ապահովութիւնը երաշխաւորելու կոչուած հիմքերը:
Եւ բոլորովին ալ պատահական չէ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի երբեմնի հայատրոփ բարգաւաճ գաղութները, տարածաշրջանի դիմագրաւած նորագոյն մարտահրաւէրներու եւ աւերիչ պատերազմներու ստեղծած անապահովութեան եւ տնտեսական ահաւոր տագնապներու պատճառով, զուգահեռաբար իրավիճակին տիրապետելու կոչուած նուազագոյն լուծումներու բացակայութեամբ, ենթարկուած են արտագաղթի անկասելի տեղաշարժերու, տակաւ ձուլուելու տարբեր երկիրներու մշակութային խառնակեաց ընդերքին մէջ:
Այսօրուան տուեալներով, Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներէն, համազգային եղեռնի համեմատութիւններու հասած արտագաղթը, իր առարկայական ու ենթակայական գործօններու պատճառականութեամբ, թէ՛ հայրենի պետութիւնը, թէ՛ Սփիւռքի ազգային կառոյցներու ղեկավարութիւնը կը կանգնեցնէ մեր գոյերթին սպառնացող աննախընթաց մարտահրաւէրներու դիմաց, ուր աշխարհաքաղաքական բարդ եւ յարափոփոխ խճանկարի ծանծաղուտին մէջ հարցականի տակ կը դրուի մանաւանդ Միջին Արեւելքի երբեմնի ծաղկուն եւ կենսունակ գաղութներու գոյութիւնը: Այստեղ մեր համեստ ակնարկը կեդրոնացնելով մանաւանդ սուրիահայ գաղութի ներկայ անբաղձալի իրավիճակին վրայ, պէտք է ըսել, որ Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմի ընթացքին, տեղւոյն ազգային կառոյցներուն կրած ահաւոր ցնցումին յաջորդած ե՛ւս 2023-ի աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով՝ արտահոսքը մեծածաւալ տարողութիւն ստացաւ, սպառնալով հալէպաբնակ մնացորդացի խեղճացած գոյութեան: Ազգային-հասարակական-մշակութային եռուն կեանքէն մարդուժի նօսրացումը քաղաքացիական հասարակութիւնը մատնեց ճարահատութեան, տակաւ զայն կանգնեցնելով աղքատութեան, անյուսութեան եւ հոգեբարոյական տուայտանքի սեմին…:
Իրապաշտ ըլլալու համար, պէտք է ըսել նաեւ, որ հայը մի՛շտ ալ սովոր է իր խորքերուն մէջ փայփայելու արեւմուտք գաղթելու թաքուն ցանկութիւնը, տենչը, հետեւաբար պէտք է ընդունիլ, որ սովորաբար մեկնումները, մեկնելու մտմտուքն ու որոշումը յանկարծ չեն ծնիր, այլ անոնք մշուշոտ եւ անհեռանկար ապագային հանդէպ ժամանակի ընթացքին կուտակուած անհանգիստ զգացումներու յաճախանքով գոյացած խորազգաց տագնապի ցուցանիշներ են, որոնք ինքնութեան բնականոն կենսակերպը պահող հարազատ միջավայրէն եւ ենթահողէն հեռանալու տուայտանքը կը դարձնեն անբեկանելի որոշում, երբ երբեմնի տուեալ ջերմ միջավայրը այլեւս չի բաւարարեր ապագայի իրենց սպասումներն ու ձգտումները, երբ կը դադրին հաւատալ ապագայ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ խաղաղութեան, այլ խօսքով՝ երբ այլեւս չեն յաջողիր տանիլ կենցաղային արժանապատիւ գոյութեան մարտավարութիւնը… ասկէ մեկնած՝ կրնանք ըսել,որ Միջին Արեւելքի մանաւանդ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայահոծ գաղութները, այդ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած երկարամեայ մաշեցնող պատերազմներու եւ անոնց հետեւանքով իրենց կրած քաղաքական տագնապներու եւ տնտեսական ճգնաժամերու հետեւանքով, արդէն հոգեպէս պատրաստ էին լքելու յետ-Եղեռնի իրենց ծաղկեցուցած օրրանները… իրականութիւն է նաե՛ւ, որ անկախ պատերազմներու ստեղծած անբաղձալի իրավիճակէն, երիտասարդները արդէն սկսած էին գաղթել թէեւ աննշմար եւ ո՛չ զանգուածային թափով, երբ արեւմուտքի մէջ գտած էին աշխատանքային ասպարէզի նոր եւ ցանկայարոյց կարելիութիւններ:
Այստեղ մասնաւորաբար լուսարձակի տակ բերելով հալէպահայութեան զանգուածային արտագաղթի ցաւոտ երեւոյթը, պէտք է ըսել, որ ան կը պատճառաբանուի՝ գլխաւորաբար տնտեսական տակաւ վատթարացող ճգնաժամի եւ վերականգնումի ու բարելաւման միջոցներու հանդէպ յոյս ու հաւատքի բացարձակ բացակայութեամբ, ուր մեծ դեր կը խաղան արեւմուտքի Սուրիոյ սահմանած «Կեսար» պատժամիջոցի արդիւնքով, շրջափակման ստեղծած տնտեսական սուր տագնապը, որուն հետեւանքով արգիլուած է հում նիւթերու հոսքը դէպի երկիր, ինչպէս նաե՛ւ Էրտողանի քաղաքական լպիրշ վարքագիծով տեղի ունեցած մեծ գործարաններու եւ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու պատկան գործիքներու, ծանրակշիռ սարքերու եւ պիտոյքներու գողութիւնը, որ ե՛ւս հիմնական պատճառներէն մէկն է Սուրիոյ ճարտարարուեստի մայրաքաղաքը հանդիսացած Հալէպ քաղաքի անդամալուծութեան, ասոնց գումարած՝ ներքին կարգով տեղի ունեցած տնտեսական վտիտ ազատութիւններու սահմանափակումը, անձնական գործերու զարգացման համար հեռանկարներու չգոյութիւնը, կենցաղային կեանքի տարրական պայմաններու օրէցօր խորացող դժուարութիւնները, յարաճուն վերելք արձանագրող անտրամաբանական շահատուրքերը, անհակակշռելի, ահռելի սղաճը, դեռ չհաշուած փխրուն ապահովութեան անթաքոյց մտմտուքն ու պարբերաբար կրկնուող ահաբեկչական արարքներու ստեղծած սարսափը…:
* * *
Իրատեսական առողջ տրամախոհութեան հարթակի վրայ, հեռու բարոյախօսութեան զգացականութեամբ բնորոշուող տեսական չափորոշիչներու հասկացութեան այլեւս կոշկոռ կապած հրահանգումներէն, պարտինք չդատափետել, չմեղադրել, չպարսաւել ու չքննադատել արտագաղթողները, որոնց ազգային ինքնութեան պահպանման բնազդային յանձնառութեան շնորհիւ, արեւմուտքի ոստաններու, մանաւանդ Քանատայի զարթօնք ու ծաղկունք ապրող հնամեայ գաղութներու նորաստեղծ պատկերը կուգայ հաստատելու, որ Միջին Արեւելքի հարիւրամեայ աւանդական գաղութներէն դուրս, կայ թէ՛ մարդկային լիարժէք իրաւունքներով, թէ՛ ազգային ինքնութեան հիմնարար գործօններու աշխատունակութեամբ գոյատեւելու այլընտրանք, իրատեսական հայեացք մը, որ դիտարկուելով շօշափելի փաստերու եւ առարկայական տուեալներու պրիսմակէն, տրամաբանականութեան նոր որակով մտածել կու տայ, որ ի վերջոյ երբ չենք գտնուիր մեր կորուսեալ հարազատ հողին վրայ, անկախ վայրի տուեալէն, ըլլայ ան արեւմուտքի թէ արեւելքի տարածքին, թէեւ համեմատական տարբերութիւններով, մեր ազգային գոյերթը կարելի է շարունակել հոն՝ ուր մեր ինքնութեան գիտակցումն ու պահպանումը կը դառնան հաւաքական գերագոյն նպատակ…:
Ըստ միջազգային կարգ մը աղբիւրներէ քաղուած տուեալներու, վերջին տասնամեակին տարածաշրջանէն արտագաղթած այլաբնոյթ, այլադաւան եւ այլազգի աշխատուժի բոլոր շերտերէն ամենալաւերը հայերն են, որոնք իրենց հաստատուած նոր երկիրներուն մէջ, նաե՛ւ ամենաշուտ յարմարուողականութիւն (adaptation) ցուցաբերածներն են, աշխատասէր, հնարամիտ, գործունեայ եւ վստահելի տարրեր են, որոնք իրենց բազմաբնոյթ հմտութիւններով նոյնիսկ կը բարձրացնեն իրենց գտնուած տուեալ վայրերու մրցունակութեան տարողութիւնն ու որակը, առանց բացասական տրամադրուածութիւն յառաջացնելու տեղւոյն բնիկներուն մօտ: Հետեւաբար, Սուրիոյ ընկերային, քաղաքատնտեսական ինչպէս նաե՛ւ ներազգային տմոյն կեանքի անհեռանկար եւ անբարեյոյս իրավիճակին գիտակցումով, հնամաշ եւ ակամայ ժամանակավրէպ դարձած լոզունգներու ծակ թմբուկներով, ի զուր չքննադատենք գաղթողները… խնայենք անհիմն վճիռները երբ նոյնինքն մնացողներուս գոյերթի երաշխիքները տակաւ կ’աղօտին, կը խարխափին ու կ’անէանան…:
* * *
Յետ տասնամեայ պատերազմին, շարունակուող շրջափակման, տնտեսական պատժամիջոցներուն, երկրին բնական հարստութիւններու յափշտակման, իւրացումին, եւ 2023-ի Փետրուարին քաղաքը հարուածած աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքներուն, Հալէպ այսօր կը գտնուի տնտեսական անելի առջեւ, ուր մեր տակաւ մաշող գաղութին գոյութիւնը կը դիմագրաւէ ճակատագրական այս աննախընթաց մարտահրաւէրի դաժան փորձութիւնը…
Այնուամենայնիւ, դեռ կայ դեռեւս հալէպաբնակ նօսրացած շերտ մը, որ ի հեճուկս տիրող կենցաղային ծանր պայմաններուն, գէթ ներկայիս գաղթելու ծրագիր չունի, հետեւաբար անհրաժեշտ է դիմացող մնացորդացին տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու կոչուած այլընտրանքային տարբերակներու ստեղծումը, սակայն պէտք է ըսել, որ այս ուղղութեամբ բնականաբար դեռ չկան ընդունելի եւ գործադրելի լուծումներու առաջնորդող բաղադրատոմսեր, նկատի ունենալով նաե՛ւ, որ պարագայական չնչին եւ խաբուսիկ օժանդակութիւնները, երբեք չեն նպաստեր  Հալէպի եւ իր օրինակով նօսրացող կենսունակ գաղութներու քայքայուած տնտեսութեան վերականգնումին համար մշտական լուծումներ ներկայացնելու, հետեւաբար, մնացորդացին հոսքը կասեցնելու համոզիչ եւ յուսադրող գործօններու ստեղծումը՝ հրամայական անհրաժեշտութեամբ կը թելադրէ տնտեսական համագործակցութեան նուազագոյն ծրագիրի մը ենթահողին վրայ ունենալ ներգաղութային միաբեւեռ ուժերով ղեկավարուող տնտեսական կեդրոնաձիգ ծրագիր, որ նախ եւ առաջ կ’ենթադրէ տնտեսական հիմնարար բանաձեւի մը յառաջացումը, գաղութային բոլոր կողմերու բանիմաց եւ մասնագէտ ներկայացուցիչներու միահամուռ ուժերով կեանքի կոչելու «տնտեսական շտապ» մը, որ իր իրապաշտական եւ գործնական բանաձեւերու առաջադրանքներով դառնայ ներգաղութային տնտեսական ներքին ինքնավարութեան ենթակառոյցը:
Առ այդ՝
ա) Սուրիահայութեան գոյամարտի այս նորագոյն փուլին, հրաժարելով անցեալապաշտութեան ժամանակավրէպ գործելակերպէն, մարտակոչի յանձնառութեամբ մեր գաղութային գահավիժումին հակադարձել նոր ռազմավարութեան մը հրահանգումով, որ կը պահանջէ համագաղութային ինքնավարութեան համընդհանուր ծրագիրի մը ստեղծումը:
բ) Լուսարձակի տակ բերելով խնդրոյ առարկայ սուրիահայ հաւաքականութեան ցարդ պարզած տեղաշարժերու հաշուեկշիռը, կեանքի կոչել իրատեսական եւ գործադրելի գործօններով հիմնաւորուող այնպիսին ռազմավարութիւն մը, որ տուեալ պահուն, երկրին մէջ քաղաքական նոր խլրտումներու եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունենալիք նորագոյն բախումներու պատճառով, որերորդ անգամ չկոտորակուինք եւ չենթարկուինք զանգուածային նոր գաղթերու փորձութեան:
գ) Ներգաղութային տնտեսական ծրագիր մը կեանքի կոչուելու պարագային, յառաջացնել մասնագէտ տնտեսագէտներու տեղայնական մարմին մը, որ վաւերական տուեալներով կատարէ իրավիճակի ուսումնասիրութիւն, ճշդէ կարիքներու մօտաւոր հաշուեկշիռը եւ համապատասխան զեկուցումներով ու փոխլրացման լուծումներու առաջարկներով, հունի մէջ դնէ եւ ղեկավարէ գաղութին տնտեսական կառոյցը: Մասնագիտական այս աշխատանքներու իրականացման համար պաշտօնակոչուող բանիմաց, յանձնառու մասնագէտները, անհատները կամ խմբակները իրենց վստահուած գործը կատարեն վճարումի պայմանով, որուն նիւթական աղբիւրը պէտք է դառնայ այս նպատակով կեանքի կոչուելու ֆոնտերու միջոցաւ:
Հետեւաբար՝
դ) Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութներու ազգային անվտանգութեան հիմնահարցը՝ պէտք է դարձնել արեւմուտքի հայ բարեկեցիկ համայնքներու համար առաջնակարգ օրակարգ, որուն առաջադրելի գործնական լուծումները պէտք է սկզբնաւորել զանազան ֆոնտերու համասփիւռքեան հիմնադրամի մը կամ դրամագլուխի մը հիմնումով, որ գործնական զանազան ծրագիրներու մշակումով, դառնայ մնայուն օժանդակութիւն հայթայթող տնտեսական կառոյց, որուն ֆինանսաւորումը ընդհանրապէս եւ այլ կարիքներու համար կատարուի մեր կազմակերպութիւններու եւ ունեւոր անհատներու պարբերական կամ տարեկան ներդրումներով, տրուած ըլլալով նաե՛ւ, որ համահայկական հիմնադրամը իր սահմանափակ կարելիութիւններով, չի կրնար դառնալ վտանգուած հայ գաղթօճախներու պահանջքները բաւարարող կառոյց:
Հուսկ՝
Պէտք է ըսել, որ սփիւռքահայութեան անխուսափելի տեղաշարժերու պարագային, հայրենադարձութեան նոր ռազմավարութեան մը յղացքով, արտահոսքը ուղղել դէպի Հայաստան, որովհետեւ վաղ թէ ուշ, Սփիւռքը դատապարտուած է անէացման, այնքան ատեն, որ ճակատագրականօրէն զրկուած է հարազատ հողի վրայ ըլլալու անփոխարինելի երաշխիքէն, հետեւաբար անոր կը պակսին ազգային միաձոյլ կառոյցի, կեդրոնաձգութեան եւ քաղաքական ազգային գաղափարախօսութեան հիմնարար պայմանները:
Սփիւռքահայ համայնքներու ո՛չ մէկ իրավիճակ կրնայ փոխարինել հայրենի հողը, հետեւաբար, մեր քաղաքական տարակարծութիւնները, ըլլան անոնք տեղայնական թէ համայնական, ներհամայնքային թէ համահայկական, անյապաղ փութկոտութեամբ, յստակատեսութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ իմաստութեամբ քննարկուելու պահանջք կը ներկայացնեն, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ երկրորդ անգամ ըլլալով 2022-ն ու 2023-ը «Սփիւռքի Տարի» հռչակելով կ’ենթադրէ՝ քաղաքական նուազագոյն ծրագիրի մը շուրջ, համախոհութեան  հարթակի վրայ կազմակերպուելով, կեանքի կոչել հայ Սփիւռքին կեդրոնաձիգ կառոյցը…:
Սալբի Գասպարեան