– Այս ամիս տարեդարձդ է…:
Սենեակին անկիւնը իր նստած տեղէն, կինս էր յիշեցնողը, երբ հին տարուայ օրացոյցէն նորին կ’անցընէր կարեւոր թուականներու իր կատարած նշումները:
– Գիտեմ,- ըսի իբրեւ պատասխան, անկեղծ եւ արդար ու մանաւանդ յարգանքով ու զուարթ ժպիտով:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, ամէն անգամ երբ տարեդարձիս մասին խօսուի, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ’առաջնորդէ:
Այո՛, այս ամիս է տարեդարձս: Բայց…, որո՞ւ հոգը:
Տասնամեակներ առաջ այս անունը մեր տունէն, մեր բազմամարդ բակէն եւ նոյնիսկ մեր հայաբնակ խճողուած թաղէն բացակայ էր: Գոյութիւն չունէր: Գիտեմ, որ ամբողջ թաղին մէջ եւ բոլորին համար ալ օրերը կապուած էին առօրեայ մտահոգութիւններուն:
Մենք ո՜ւր, տարեդարձ յիշողը, նշողն ու տօնողը ուր…:
Իսկ այս օրերուն…ահա ամէն օր, տեղէ մը կը լսես այս բառը: Ու կ’եզրակացնես, ըսելով.- տարօրինակ է այս աշխարհը, որովհետեւ իր տարօրինակութիւններով, կողք-կողքի դրուած ու շարուած ալ են հրաշալի, ապշեցուցիչ, տխուր, ցաւալի եւ յուզիչ պատկերներ: Տակաւին այս մասին երբեմն մտածումները, իրենք զիրենք զգացումներէն աւելի կը պարտադրեն: Ի՞նչ կրնանք ընել:
Կեանք եւ տարիք իրարու ամրօրէն առնչուող այս երկուորեակները, իսկապէս որ բարդ բաներ են, անհասկնալի եւ նոյնքան ալ հասկնալի, սակայն նաեւ յաճախ ալ սարսափելի: Պաշտելի ու նոյնչափ ալ անհանդուրժելի: Այլ խօսքով՝ կեանքը ծանրացնող ազդակներ:
Ու ինքնաբերաբար կը յիշեմ գաղթս երկրէ-երկիր: Նաեւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՞ս մոռացութեան եւ կարօտի արցունքներով, կասկածի եւ տարակուսանքի նայուածքով, յաճախ այդ երկիրներէն ներս գացած եմ հոսանքէն քշուած, համրելով չոր ու ցամաք կեանքիս օրերը, որոնք երբեմն յարատեւ տագնապի երգի կը նմանէին: Անոր համար, յաճախ հաւատքիս փնտռտուքով զբաղեցայ:
Իսկ հիմա, այդ բոլորէն ետք, ապրուած օրերուս, ժամերուս եւ կեանքիս բանալին է որ կը փնտռեմ։ Մտովի եւ արագ, կը փորձեմ վերակազմել անցեալի զանազան գունաւոր դէպքերը, որովհետեւ անպայման հին օրերու գեղեցիկ եւ լեղի յուշերու թարմացումով է, որ կ’ուզեմ վերապրիլ: Կ’ուզեմ յիշել իմ հինը, իմ անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ երիտասարդութիւնս մեծցաւ:
Եթէ շատ ու շատ տասնամեակներ առաջուայ մանուկ տարիքը ունենայի, անկասկած, որ հիմա տարբեր օր մը եղած պիտի ըլլար ինծի համար:
Արդէն շատոնց թեւակոխեր եմ կեանքիս աշունը, բայց անկեղծօրէն գոհ եմ «ըրածներէս»: Բնական է, որ տարեդարձի «պատմութեանս» ետին կցուած է նաեւ տարիքս, իր նոր թիւով:
– Մեծ թիւ մը՝ նոր թիւ մը. անգիտակցաբար եւ մտահոգ կը կրկնեմ,- ի՜նչ լաւ։ Այս կը նշանակէ, թէ…
Չեմ փորձեր աւելորդ ենթադրութիւններու դռները թակել, որովհետեւ անկախ այս բոլորէն, արդէն հին ու նոր յուշեր, լուսաւոր եւ յաճախ ալ մութ յուշեր, մեծ ու փոքր դէպքեր եւ դէմքեր անակնկալ խոր գիտակցութեամբ, իրապաշտ եւ նոյնքան ռոմանթիք, երազկոտ ու նոյնքան ալ երբեմն զարմանալի եւ անիրական՝ կամաց-կամաց սկսած են մտքիս պաստառին վրայ երեւնալ:
* * *
– Պա՛պ, այս Շաբաթ օր տարեդարձդ է…: Տղաս էր, այս անգամ յիշեցնողը:
– Գիտեմ,- կ’ըսեմ, իբրեւ կարճ պատասխան, յոգնած ժպիտով մը: Եւ ապա սենեակիս պատը զարդարող հայելիիս մէջ ես զիս կը դիտեմ: Աստուած ի՜մ… ճակատս տարիներէ ի վեր, արդուկը անցած տաբատիս ակօսներուն կը նմանի, իսկ մազերս՝ պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած էին: Է՜հ, աշխարհ…: Կեանք ըսուածը անուշ բան մըն է եղեր, հաճելի է եւ որ կ’արժէ զայն անպայման ապրիլ: Ու անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ տարիները հակառակ իրարայաջորդ դժուարութիւններու եւ ձախողութիւններու, ոչ միայն գեղեցկացուցած էին կեանքս, այլ՝ երբեմն ալ տեսակ մը հրապոյր տուած էին, տաքուկ արեւ մը ունենալու երջանկութիւնով միատեղ:
Դարձեալ մտովի կը շարունակեմ ես զիս «վերատեսութեան» ենթարկել:
Թէեւ բաւական երկար փորձած եմ միշտ ըմբռնել կեանքն ու հասարակութիւնը, սակայն երբեմն չեմ յաջողած: Նոյնիսկ փորձած եմ հեռու մնալ այն ամէնէն, որոնք ձախող կերպով կապկած են ուրիշները: Յաճախ ալ ապրած եմ ազնիւ տառապանքը բառերուս, եւ սակայն միշտ մէջս պահած՝ գաղափարական խանդավառութիւնս: Այս բոլորը, որովհետեւ կեանքս որպէս հաւատք եւ հաւաքական ապրում, ինծի համար ազգային ալ է:
Ու թէեւ մտքի հոսքի մը տեւական ճամբորդ մը եղած էի, բայց շատերուն նման, ես ալ իմ հացս գրական քրտինքին հետ եթէ կապած ըլլայի իսկապէս ես զիս կամաւոր դէպի յուսախաբութիւն առաջնորդած եւ նոյնիսկ  դժբախտութեան տարած պիտի ըլլայի: Վերջերս տարիքը ինծի զգացնել տուած էր իր ծանր եւ վախազդու ներկայութիւնն ալ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ որոշ, մեծ եւ բարդ առողջական խնդիրներ ունեցած էի: Երեսիս վրայ գանկ եւ աչքեր մնացած էին: Ժամերուս նման, յաճախ անտող էին նաեւ օրերս ալ: Կարծես պարզ խաղալիք մըն էի դարձած կեանքի խաղերուն ձեռքը: Սակայն շնորհիւ Ամենակալին բարի տնօրինման՝ ապաքինուած էի:
Նաեւ աւելցնեմ, որ զաւակներուս եւ յատկապէս թոռներուս ներկայութեան, կը մոռնայի տարիքս: Անոնք ինծի տարբեր կեանք կը ներարկէին, տարբեր խանդավառութեամբ: Ապրումիս ջերմութիւն կու տան: Կ’երիտասարդանամ: Իբրեւ «խրատական» բոլորին ըսած եմ.- ժիր եղէ՛ք, եւ մի՛ ծերանաք: Երբեմն նման «բաներ» բաւական երկար ու լռութեամբ արտայայտած եմ։
Անոր համար ուզեցի քանի մը տողերով փնտռել կեանքիս գեղեցիկն ու ճշմարիտը, կշռել արդարն ու անիրաւը եւ այս ձեւով ես զիս դատել, որովհետեւ կը հաւատամ, որ տակաւին շատ գործ ու ընելիքներ ունէի դասաւորելիք: Բայց…
– Պապի՛կ, այսօ՛ր տարեդարձդ է: Թոռնուհիս էր յիշեցնողը:
– Իրա՞ւ… կը կատակեմ:
Ու հիմա, այս վայրկեանին նստած գրասեղանիս առջեւ, երկար կը մտածեմ: Ճիշդ է, որ մինակ չեմ: Մտածումներովս եմ շրջապատուած: Բայց «մինակ» եմ: Ի՜նչ լաւ ապրում է. ես զիս մինակ չեմ զգար: Մինակս կը խօսիմ, մինակս կը հակաճառեմ, կը վիճիմ ու այս բոլորէն ետք երբ յանկարծ անդրադառնամ, երկար ճամբորդութենէ մը վերադարձողի աչքերով կը փորձեմ շուրջս դիտել ու ինքզինքս համոզել, թէ անկախ այս բոլորէն նաեւ էական է յոյսերս կախել աղօթքներու թելերէն: Կը զգամ, որ յուզուած եմ: Աչքերս խոնաւցած: Վերջ ի վերջոյ ի՞նչ է մարդուս ճակատագիրը, եթէ ոչ  ապրիլ, գործել, ենթարկուիլ շարժումներու եւ յեղաշրջումներու եւ ինքզինք կրկնել:
Բայց, միշտ ըսած եմ եւ հիմա դարձեալ կը կրկնեմ, թէ այս բոլորը կ’ըսեմ, կ’ապրիմ եւ կը գրեմ տարեդարձիս օրը, որովհետեւ կը հաւատամ, որ իմ օրը՝ այսօրն է, իսկ վաղը՝ Աստուծոյս:
Գէորգ Պետիկեան