Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկարաձգած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերի ինկած բոլոր նախկին ղեկավարները՝ նախկին նախագահներ Արկատի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, գեներալներ Լեւոն Մնացականեանի եւ Դաւիթ Մանուկեանի կալանքը։
Դատարանը բաւարարած է միջնորդութիւնները եւ իւրաքանչիւր մեղադրեալին կալանքը երկարաձգած է եւս 4 ամիսով, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Աւելի ուշ, հաղորդուած էր, որ ԼՂՀ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կալանքը երկարած է 4 ամիսով։