Եւրոպահայութիւնը կը շեշտէ իր յանձնառութիւնը շարունակելու պայքարը արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար։

27 Յունուար 2024-ին, ինչպէս նախատեսուած էր, ծայր առաւ երկու օրերու վրայ երկարող «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած, իր տեսակին մէջ երկրորդ բողոքի ցոյցերու շարքը: Առաջինը տեղի ունեցած էր 1 Հոկտեմբեր 2023-ին Պելճիքայի մայրաքաղաք՝ Պրիւքսէլի մէջ:
Նախապէս մամուլին յղած իր հաղորդագրութեան մէջ շարժումը՝ «Պայքարը պէտք է շարունակուի» հրամայականին տակ կոչ ուղղած էր Եւրոպայի հայերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի եւրոպացի բարեկամներուն 27 եւ 28 Յունուարին համախմբուելու եւրոպական աւելի քան 50 քաղաքներու մէջ, եւ իրենց բողոքը արտայայտելու՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, պահանջելով ազատ արձակել ռազմագերիները, զօրակցութիւն յայտնել իրենց հողերէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան եւ մղելու եւրոպական պետութիւնները ի հարկին պատժամիջոցներ գործադրելու Պաքուի բռնապետական իշխանութեան դէմ:
Ինչպէս 1 Հոկտեմբեր 2023-ի համահայկական ցոյցին, այսօր եւս շարժումը յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկել Եւրոպայի հայութիւնը, միաւորելով հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, անգամ մը եւս հաստատելով Արցախի արդար դատին համար պայքարի նոր փուլ անցնելու հայութեան վճռակամութիւնը:
Հաւաքներու ընթացքին կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու ուղարկած ուղերձը, որ «Եւրոպացիներ Յանուն Արցախի» շարժումին կազմակերպած նախաձեռնութուններուն զօրակցութիւն յայտնելէ ետք, կ’ըսէր թէ անոնք «այս աղէտալի պայմաններուն մէջ յոյս ներշնչող բացառիկ ազդակներ են» եւ արցախահայութեան անունով «Երախտագիտութիւն կը յայտնեն այն հոգատարութեան եւ աջակցելու պատրաստակամութեան համար, որ կը ցուցաբերեն եւրոպական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ՝ Արցախի օժանդակութեան նպատակին շուրջ օրակարգ ձեւաւորելու մեծածաւալ աշխատանքին միջոցով»: Ապա՛, կը հաստատէր թէ «Խորապէս համոզուած ենք, որ համազգային համախմբումը եւ անոր սահմաններու ընդլայնումը, հայրենիքի մէջ պահանջուած ու սպասուող աշխատանքի իրականացման հետ մէկտեղ, կարող են ստեղծել այն նախադրեալները, որոնք անհրաժեշտ են մեր գլխաւոր խնդիրի՝ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով, Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձը իրականացնելու համար»:
• Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքին, Նիսի եւ շրջակայքի հայութեան կողքին ներկայ եղած են քաղաքապետ Christian Estrosi, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Մակալի Ալթունեան, Կայէլ Նոֆրի, Ֆրանք Մարթին, եւ Իզապէլ Վիզանթէն, ինչպէս նաեւ Աթփ Մարիթիմ նահանգի փոխ նախագահ՝ Օկիւտ Վէրոլա:
Յատկանշական է նաեւ Նիսի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին թուրք այլախոհ քաղաքական գործիչ Փընար Սէլէքի ուղերձը, ուր զօրակցութիւն յայտնելէ ետք ցուցարարներուն, կ’ըսէ թէ հակառակ անոր, որ ինք հայ չէ, սակայն պատրաստ է պայքարելու Հայաստանի համար, որովհետեւ աշխարհը արդար պարտք մը ունի տալիք Հայաստանին: Ան կ’աւելցնէ ու կ’ըսէ որ Հայաստանը պաշտպանելով՝ պաշտպանած կ’ըլլանք նաեւ արդարութիւնը, արժանապաուութիւնը եւ խաղաղութիւնը:
• Ֆրանսայի Քլէր Մոնֆէրան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, քաղաքի հայութեան կողքին, ներկայ եղան տեղւոյն քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: • Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին շէնքին դիմաց ալ խումբ մը հայեր բարձրացուցին իրենց բողոքի ձայնը եւ պատասխանեցին թղթակիցներու հարցումներուն:
• Ֆրանսայի Մէյզիոյ քաղաքին մէջ մէջ տեղի հայութեան կողքին հաւաքին ներկայ եղան քաղաքապետական խորհուրդի 4 անդամներ, որոնց կարգին փոխ քաղաքապետ տիկին Օտէթ Կարպրէշ:
• Շուէտի Սոտըրթէլիոյ եւ Վեսթէրոս քաղաքներուն կեդրոնական հրապարակներուն մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ մասնակցութեամբ քաղաքի բնակիչներուն: Հաւաքներուն ընթացքին իրազեկման աշխատանքէ մը ետք ներկայացուեցան «Եւրոպացիները Արցախի Համար» շարժումին արցախահայութեան առնչուող պահանջքները:
• Լոնտոնի մէջ Առաջնորդ սրբազանին եւ գաղութի միութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը որուն ընթացքին, անգլիահայ գաղութի համայնքային խորհուրդի եւ թեմի Առաջնորդին անոնով հրապարակուեցաւ Արցախի դատին եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն զօրակցող յայտարարութիւն: Լոնտոնի կեդրոնական թաղամասին մէջ, լոնտոնահայ երիտասարդներ բաժնեցին Արցախի դատը ներկայացնող թռուցիկներ:
• Գերմանիոյ Քէոլն, Համպուրկ եւ Պրեմըն քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան նախաձեռնութիւններ․ գաղութներու հայ երիտասարդութիւնը եւ բազմաթիւ անդամներ Արցախի զօրակցական խօսքեր արտասանեցին:
28 Յունուար 2024
• 28 Յունուար 2024-ին, Ֆարանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի հայութիւնը ժամադրուած էր Ալֆորվիլի քաղաքապետարանի հրապարակը,՝ զօրակցելու «Եւրոնացիները յանուն Արցախի» կազմակերպած զօրահաւաքին։ Մի քանի հարիւր հայորդիներու ներկայութեան՝ ժամը 12-ին շարժումին անունով խօսք առաւ Արին Թաշճեան, որ դատապարտեց Ազրպէյճանի վարած ոճրային քաղաքականութիւնը եւ ներկայացուց 2023-ին գերեվարած քաղաքական դէմքերու կենսագրականները։ Կարդաց Արցախի Հանրապետութեան ուղերձը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպայի 50 քաղաքներու մէջ այս երկու օրերուն շարժումին աջակցող բոլոր կազմակերպութիւններուն։
Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ Յովհաննէս Գէորգեանը, որ քաղաքական մեղադրանքներէն անդին, շեշտը դրաւ հայկական իրականութեան մէջ այսօր՝ աւելի քան երբեք, միասին ուղղութիւն ճշդելու անհրաժեշտութեան, ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութեան՝ յարգելով Արցախի սիրոյն մեր բոլոր զոհուածներուն յիշատակը։ Խօսքին աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ի նպաստ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին՝ ցուցաբերած կեցուածքներուն եւ իրականացուցած քայլերուն համար։
Ապա խօսք առաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ Լիւք Քարվունաս, որ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի քաղաքական բանտարկեալները առանց նախապայմանի ազատ արձակելու յանձնառութեան, դատապարտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ էթնիք բնաջնջումը, պահանջեց Արցախի բնակիչներու տունդարձի ապահովում եւ վերջապէս կարեւորեց հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ այս տարի կը նախատեսուի պաշտօնական այցով կրկին այցելել Հայաստան։
Ապա խօսքը փոխանցուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանին, որ անդրադարձաւ Արցախի պաշարումէն մինչեւ Արցախի հայաթափման՝ եւ աւելցուց, որ պէտք է բացառել պարտուողական ամէն կեցուածք եւ ընթացք, այլ ընդհակառակն խրախուսեց ներկաները ըլլալու աւելի խրոխտ եւ վճռակամ։ Զգաստութեան եւ պայքարելու կոչ ուղղեց ան՝ վերադարձնելու Արցախը եւ պահպանելու Հայաստանի սահմանները։
Յայտագիրի յաջորդ խօսքը արտասանեց Վալ Տէօ Մարնի երեսփոխան՝ Իզապէլ Սանթիակօ: Վերջին խօսողն էր Վալ Տէօ Մարնի սենաթրիս Լորանս Ռոսինիոլ:
Հայր Տիրայր Գըլըճեանի եւ պատուելի Ժիլպէր Լէոնեանի տէրունական աղօթքէն ետք Սուրբ Մեսրոպ – Արապեանի աշակերտները յաջորդաբար երգեցին՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգները։
• Փարիզի մէջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ խմբուած ժողովուրդը արարողութենէն անմիջապէս ետք, առաջնորդութեամբ Սրբազան հօր, քալելով ուղղուեցան դէպի Կոմիտասի արձանը, ուր տեղի ունեցաւ ցոյց-հաւաքը: Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք կարդացուեցան ուղերձները: Հաւաքին ներկայ էին ֆրանսական մամուլի ներկայացուցիչներ:
• Ֆրանսայի Տեսին քաղաքին մէջ, տեղւոյն միութիւնները կազմակերպեցին Արցախի գաղթականներու ի նպաստ բարեսիրական ձեռնարկ մը: Բազմահարիւր բնակիչներ այցելեցին ձեռնարկին վայրը:
• Ֆրանսայի Իսի Լէ Մուլինոյի Սուրբ Մ. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի արդար դատին: Հաւաքին խօսք առաւ Իսի Լէ Մուլինոյի փոխ քաղաքապետ Յարութ Խանճեան:
• Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին հաւաքը տեղի ունեցաւ կէսօրէն ետք ժամը 17:00-ին Պանսէլ պողոտայի հսկայական շատրուանին մօտակայքը: Ներկայ էին զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ քաղաքական դէմքեր՝ Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը եւ կարգ մը փոխ քաղաքապետներ եւ խորհրդականներ՝ Վերոնիք Բիւժա, Օրօր Նատար, Ֆրանք Սուլինեաք, Նաթալի Իլիզօր եւ Ժորժ Ռասթլան, ծերակուտական Պեռնար Պիւի եւ Շրջանի խորհրդատու Աննա Փլասը:
Նախ խօսք առաւ Օրօր Նատարը եւ դատապարտեց Արցախի բռնագրաւումը եւ Ատրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնաշխան տարածքէն ներս: Ծերակուտական Պեռնար Պիւին ալ դատապարտեց Ատրպէյճանը՝ Արցախի բռնագրաւման համար եւ շեշտեց որ Ֆրանսան միշտ դատապարտած է Պաքուի վերաբերմունքը եւ պաշտպանած Հայաստանը եւ Արցախցիներու իրաւունքները: Նիքոլա Տարակոնն ալ իր կարգին դատապարտեց Արցախի բռնագրաւումը եւ Ատրպէյճանի Հայաստան ներխուժումը: Ան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան հակազդելու եւ հաստատեց Արցախահայութեան իրաւունքը վերադառնալու հայրենի հողեր եւ ապահով ապրելու պատմական հայրենիքին մէջ:
• Ֆրանսայի Շատորուի (Chatauroux) հայութիւնը հաւաքուեցաւ հանրապետութեան հրապարակը ուր կարդացուեցան ֆրանսերէն եւ հայերէն լեզուներով ուղերձներ: Ցույցին իր մասնակցութիւնը բերաւ Շաթորուի քաղաքապետը:
• Ֆրանսայի Բլէսի Ռօպէնսոն քաղաքի ցոյցը սկսաւ ժամը 16:00-ին Ազատութեան հրապարակ, Անդրանիկ զօրավարի արձանին եւ հոն տեղադրուած խաչքարին մօտակայքին: Փոխ քաղաքապետ Քոռին Մար Տիւկէր խօսք առաւ, ինչպէս նաեւ Իւնիսոն (Unisson) միութեան ներկայացուցիչը: Ներկայ էին նաեւ փոխ քաղաքապետներ Սիրիլ Փեքրիօ, Էլիզապէթ Տիւպուա եւ խորհրդական Սանտրա Պասմաճեան: • Ֆրանսայի Փալէզօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ, իրազեկման աշխատանք, քաղաքի հայկական կազմակերպութիւնները քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ բաժնեցին թռուցիկներ:
• Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին հաւաքներ տեղի ունեցան քաղաքի երէք եկեղեցիներու շրջաբակերէն ներս: Պօմոնի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մասնակցութեամբ հոծ բազմութեան մը, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ներկայ էին ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, Ժիլպէր Տատրեան, Ժիլպէր Մարքոյեան, Էրիք Սարաճեան, Ազատ Պալալաս/Գազանճեան, Տիտիէ Փարաքեան,: Հայր Արշէն Մովսիսեան իր խօսքին մէջ նշեց՝ «Արդէն մի քանի ամիս է որ Արցախի մեր ղեկավարները կը գտնուին Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ: Այս տեսակի հաւաքներ տեղի կ’ունենան այսօր Ֆրանսայի տարածքին որպէսզի մենք, հայերս, չմոռնանք այն ինչ որ պատահեցաւ անցեալ տարի, չմոռնանք որ գերիներ ունինք, չմոռնանք որ բռնի տեղահանուած հայրենակիցներ ունինք… Կարելինիս ընենք, որ այս բոլորը չմոռցուի եւ մեր ձայնը բարձրացնենք առ աշխարհ որպէսզի գերիները տուն վերադառնան, այն յոյսով որ օր մը բոլորս վերադառնանք մեր պատմական հայրենիքը: Եթէ մենք այս երազը չունենանք, միւսները մեզի չեն օգներ: Ուրեմն ամէն օր, ամէն երկվայրկեան փորձենք յիշել որ մենք պահանջատիրութեան պայքար ունինք, որպէսզի օր մը մեր կեանքը շարունակենք մեր պապենական հայրէնիքին մէջ» :
• Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Սարսէլի, Սըվրանի եւ Լիվրիի միութիւնները: Ներկայ էր Առնուվիլի քաղաքապետ Փասքալ Տօլը, ընկերակցութեամբ կարգ մը փոխ քաղաքապետներու եւ խորհրդականներու: Հոգեւոր հայրեր ալ մասնակցեցան հաւաքին: Քաղաքական եւ միւութենական դէմքեր խօսք առին, ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը մասնակիցներուն: Մշակութային ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ հանրութեան: Քաղաքապետ Փասքալ Տօլը յայտարարեց՝ Ինչ որ կը պատահի Արցախի մէջ շարունակութիւնն է 1915-ի ցեղասպանութեան: Ալիեւը եւ Էրտողանը կանգ պիտի չառնեն եթէ Եւրոպան, Ֆրանսան եւ Հայաստանի բարեկամները չմիջամտեն: Պէտք է քաղաքական քաջութիւնը ունենալ եւ զգօնութիւնը մեր ժողովրդավար պետութիւններուն սպառնացող վտանգին: Պէտք չէ միայն Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդը պաշտպանել այսօր, այլ իսկապէս ինչ որ ունինք մեր խորքին մէջ. գիտակցութիւնը որ քաղաքակրթութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, որ մենք կը ներկայացնենք, վտանգի տակ են այսօր:
• Ֆրանսայի Անթոնի քաղաքի «Անթոնիի ֆրանսահայ միութեան» երիտասարդները հանդիպում մը կազմակերպեցին պատմաբան Յարութիւն Գէորգեանին հետ կիրակի 28 յունուարին, «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումին ծիրէն ներս:
• Ֆրանսայի Կրէօնօպլ քաղաքի, հայ մշակութային տան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն մասնակցեցան բազմաթիւ քաղաքական դէմքեր եւ լրագրողներ: • Շրջանի հայութիւնը առիթը ունեցաւ լսելու հարց եւ պատասխանները:
• Վիլըրպան (Ֆրանսա) – Վիլըրպանի Հայ մշակոյթի տունը «Հայաստանի գանձերը» (Les trésors de l’Arménie) տեսաերիզը ցուցադրեց շաբաթ 27 Յունուարին: 2017-ին պատրաստուած այս վաւերագրական տեսաերիզը կը ներկայացնէ արցախեան կոթողները եւ եկեղեցիները:
• Ռումանիոյ Իասի եւ Քոսթանթա քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան հաւաքներ, մասնակիցները բարձրացուցին Արցախի ռազմագերիներու եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջքը:
• Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքի մէջ՝ Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան գրասենեակի առջեւ տեղի ունեցաւ հաւաք։ Ցոյցի մասնակիցները բռնած էին իրենց պահանջները ձեւակերպող պաստառներ։ Ուսանողները կարդացին անգլերէնով գրուած դիմումը, որ պիտի ներկայացուի Եւրոմիութեան ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը մասնակիցներուն: Այս ցոյցին համընթաց Թիֆլիսի թրքական եւ ազրպեյճանական դեսպանութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է այլ «ցոյց» մը, որուն ընթացքին վերոնշեալ դեսպանութիւններուն աշխատողները խումբ մը մարդիկ բերած են ցոյց ընելու։
• Կիպրահայութիւնը իր բողոքի ձայնը լսելի դարձնելու համար հաւաքուած էր Նիկոսիոյ հայկական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին կից: Հաւաքին յաջորդաբար խօսք առին «եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վահան Այնէճեան, Կիպրացի Կանաչներ կուսակցութեան փոխ նախագահ պրն. Քիրիաքօս Ցիմիլիս, Սթրովոլոսի քաղաքապետ պրն. Անտրէաս Փափաշարալամպուս եւ Կիպրոսի թեմի Առաջնորդ՝ Խորէն Տողրամաճեան:
• Կիպրոսի Լիմասօլ քաղաքի հայութիւնը հաւաքուած էր եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ իր բողոքի ձայնը միացուց Եւրոպայի միւս քաղաքներու մէջ հաւաքուած միւս հայրենակիցներուն: Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան:
• Պուլկարիոյ մէջ, Պուրկասի Սբ. Խաչ, Վառնայի Սուրբ Սարգիս, Ռուսէի Սուրբ Աստուածածին, Փլովտիվի Սուրբ Գէորգ, Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին, Խասկովոյի Սուրբ Ստեփանոս, Շումէնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ պուլկարահայութիւնը, իր կարգին, մասնակից դարձաւ Արցախի զօրակցութեան բողոքի հաւաքներուն:
• Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ Արցախի նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ Վեհափառ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի խօսքով, ապա տեսաերիզներ ցուցադրուեցան: Բացման խօսքը կարդաց ՀՄԸՄ Վարչութեան անդամ Յովան Ծերունեան։ Օրուան բանախօսներն էին հայերէնով Սիմոն Տէր Սահակեան (ՀՅԴ հիւսիսեան կոմիտէութեան քաղաքական ներկայացուցիչ) եւ շուէտերէնով Սթոքհոլմի եկեղեցական խորհուրդի անդամ Նաթալի Արզումանեան։
• Վիէննայի մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին շրջանի հայութիւնը արտայայտեց իր բողոքի ձայնը Ազրպէյճանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան:
• Յունսաստանի Աթէնք քաղաքի հաւաքը տեղի ունեցաւ Սինթակմա հրապարակը: Օրուան բանախօսն էր Արման Գրիգորեանը (Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ): Ներկայ էին երեսփոխաններ Սթելիոս Ֆոթոփուլոս եւ Վասիլիս Ղրամէնոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, ինչպէս նաեւ համայնքի կրօնական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ։ Ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին փրոֆ․ Նիքոս Լիղերոս, քաղաքապետ Քութելաքիս, լրագրող Գոսթաս Փլիաքոս, որոնք անցեալին Արցախ այցելած էին։
• Յունաստանի Գաւալա քաղաքին մէջ կազմակերպուած հաւաքին տեղի հայութեան կողքին ներկայ եղան հելլէն խորհրդարանի պատգամաւորներ Փասխալիտիս եւ Տելիքարի, փոխ մարզպետ Մարքոփուլոս, մարզային խորհուրդի անդամներ Իոսիֆիտիս, Իղնաթիատիս, Անտոնիատիս եւ քաղաքապետական խորհրդի նախագահ Մամցատելիս: Հաւաքի ընթացքին բաժնուեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործած ոճիրները բացայայտող թռուցիկներ, իսկ տեղական երեք հեռուստաընկերութիւններ անդրադարձան հաւաքին:
• Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքի հաւաքը սկսաւ կէսօրէն ետք ժամը 13:00-ին, Մշակոյթի տան առջեւ, ներկայութեամբ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութենէն երեսփոխաններ Գոնսդանդինոս Ճիուլէքասի եւ Տիմիթրիս Գուվելասի եւ «Սպարտացիներ» կուսակցութենէն երեսփոխան Պետրոս Տիմիթրիատիսի: Ներկաները աղօթեցին Արցախի ազատագրութեան, զոհուածներուն հոգիներուն համար եւ Արցախցի ժողովուրդին ապագային համար:
• Հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ Յունաստանի Փիրէա եւ Սերէս քաղաքներուն մէջ:
• Պէլճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի հաւաքը տեղի ունեցաւ Սուրբ Մարիամ Մաքդաղենացի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հաւաքի ընթացքին խօսք առաւ Կարէն Թաթեւոսեան Պելճիքայի հայերուն վեհաժողովի նախագահը, որ ներկայացուց «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» շարժումը, անոր աշխատանքներու ծիրը, եւ ներկայացուց բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կազմակերպուած են թիրախ ունենալով եւրոպական խորհրդարանը եւ եւրոպական միութիւնը թէ՛ Պրիւքսելի եւ թէ՛ 15 այլ երկիրներու մէջ: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 27 եւ 28 յունուարին, 15 երկիրներու 55 քաղաքներու մէջ միաժամանակ տեղի ունեցած են զանազան միջոցառումներ, բոլորը՝ յանուն Արցախի: Ան իր խօսքին ընդմէջէն արտայայտեց հայութեան յուսախաբութիւնը այն իմաստով, որ հակառակ բազմաթիւ խոստումներուն եւ եղած յայտրարութիւններուն որեւէ գործնական քայլ չէ առնուած շարժումին պահանջքներուն առնչութեամբ:
Հաւաքին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Michel De Maegd (Belgian Federal MP): Ան վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը շարունակելու մօտ ըլլալ հայութեան եւ աշխատելու ի շահ հայութեան դատին հիմա՛ եւ կայանալիք յաջորդ ընտրութիւններէն ետք, կրկին ընտրուելու պարագային: Ան փոխանցեց, որ յաջորդ չորեքշաբթի նոր հարցադրում պիտի ընէ արտաքին գործոց նախարարին Արցախէն բռնի հեռացուած 130 000 հայերու վիճակին մասին:
Խօսք առաւ նաեւ Darya Safai (Belgian Federal MP), ան ըսաւ, որ մօտէն կը հետեւի հայութեան խնդրիրներուն եւ ֆետերալ խորհրդարանին մէջ հայ դատին առնչուող բազմաթիւ հարցադրումներ ըրած է: Ան ալ իր կարգին վերահաստատեց որ թէ՛ հիմա եւ եւ թէ՛ 5 ամիս վերջ կայանալիք ընտրութիւններէն ետք պիտի մնայ հայութեան կողքին:
Հաւաքին ընթացքին հայր Զատիկ Աւետիքեան ներածական մը ըրաւ եւ ներկայացուց հաւաքին կազմակերպիչները՝ «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» շարժումը, Պրիւքսէլի մէջ Հայոց առաքելական եկեղեցին, եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Ան ալ իր կարգին ադրադարձաւ գերիներու խնդիրին եւ առեւանգուած նախկին ղեկավարներուն վերադարձի կարեւորութեան:
Ապա խօսք առաւ Գասպար Կարապետեան՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ, որ յստակօրէն ներկայացուց «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» շարժումին պահանջքները:
Հաւաքին ընթացքին ցուցարարներուն կողքին էին նաեւ`
Փիեր տ’Արժան – Լուվենի Կաթոլիկ համալսարանի դասախօս Ժորժ Տալլեման – Դաշնային պատգամաւոր Անտրէ Տիւ Պիւս – Պելճիքայի Ծերակոյտի անդամ, Արցախի հետ ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի համակարգող Էրվե Դուայեն – Պելճիքայի Ծերակոյտի անդամ
• Պելճիքայի Մեխելէն քաղաքի հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առաւ Մեխելէնի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Տէր Արմէն Քահանայ Մելքոնեան։ Ան ներկայացուց հետեւեալ պահանջները` ազատութիւն Պաքուի մէջ բանտարկուած գերիներուն, անվտանգութեան երաշխիքներ արցախահայութեան պատմական հայրենիք վերադարձին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն թշնամի զօրքերու հեռացում, պատժամիջոցներու հաստատում Ատրպէյճանի դէմ։
Տէր Արմէն քահանայ Մելքոնեան նաեւ յայտնեց, որ Արցախի հարցը մեզի համար գոցուած հարց չէ, պէտք է պայքարը շարունակել։ Հաւաքին ներկայ էր Մեխելէնի քաղաքային իշխանութիւններուն անդամ Մարք Հենտրիքսը (Nieuw-Vlaamse Alliantie կուսակցութիւն):
• Ամսթերտամ (Հոլանտա) – Ամսթերտամի կեդրոնական Տամ հրապարակը տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին հնչեցին լոզունքներ՝ «պատժեցէք Ատրպէյճանը», «ազատ արձակեցէք հայ գերիները», «Արցախը հայ է», «Ալիեւ խափանարար», «Էրտողան խափանարար»:
• Ալմէլօ (Հոլանտա) – Հայ առաքելական եկեղեցիի մէջ ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը եւ բացատրուեցաւ Եւրոպացիները յանուն Արցախի շարժման նպատակը: Հանրութիւնը պահանջեց, որ Պաքուի մէջ բանտարկուած գերիները ազատ արձակուին եւ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին հետ: Նոյնանման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ալմէլոյի ՀՄԸՄ-ի շէնքին մէջ:
• Անհէմ (Հոլանտա) – Անհէմի ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած ձեռնարկին ընթերցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն ուղերձը եւ բացատրուեցաւ «Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» շարժումին նպատակը: Հանրութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ հաստատեց Սփիւռքին կարեւոր դերը այս ժամանակաշրջանին: