Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտեւ  ռուսական ԹԱՍՍ լրատուամիջոցին հետ զրոյցին ընթացքին խօսած է թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքին  օտարերկրեայ զինեալ ուժերու ներկայության մասին։
Ռուս պաշտօնեան մասնաւորապէս անդրադարձած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն եւ վերջիններուս կողմէ աջակցութիւն վայելող Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն։
«Անցեալ տարեվերջի աշնան սկսած այս գործընթացը որոշ չափով կանգ  առած է, նախ այն պատճառով, որ սուրիական կողմը անհրաժեշտ համարած է թրքական կողմէն երաշխիքներ ստանալ, որ ռազմական իր ստորաբաժանումները, որոնք մինչեւ այժմ անօրինական կերպով Սուրիա կը գտնուին,  դուրս բերուին», յայտնած է ան։
Անոր համաձայն, Անգարան ցարդ որոշում չէ գոյացուցած զօրքերը դուրս բերելու Սուրիայէն, բայց Լաւրենտեւի դիտարկումով, մասնաւորապէս նախկին արտգործնախարար Մեւլութ Չայուշօղլուն  յայտնած էր, որ իրենք մտադիր չեն մնալ Սուրիա եւ ուշ կամ կանուխ, երբ համապատասխան պայմաններ ստեղծուին, թրքական զօրախումբը  դուրս կը բերուի։
Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգայորման հարցը Ռուսիոյ Դաշնութեան առաջնահերութիւններէն կը համարուի։
Լաւրենտեւ աւեցլնելով ըսած է, որ անցեալ տարի գործուն քայլեր իրականացուած են այդ ուղղութոամբ? «Սկիզբը գոյութիւն ունէր եռակողմ ձեւաչափը, ապա  քառակողմ ձեւաչափը։  Հանդիպումներ տեղի ունեցան պաշտպանութոան եւ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ, ետքը հանդիպումներ եղան  արտաքին գործոց նախարարներու եւ փոխնախարարներու մակարդակով», աւելցուցած է ան։