Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր պըն Համատ ալ-Պուսաաիտի շեշտեց, որ սուրիական եւ իրաքեան տարածքներու վրայ ԱՄՆ-ի յարձակումները կը սպառնան տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան։

Օմանեան լրատու գործակալութիւններուն համաձայն, Պուսաաիտի նկատել տուաւ.«Օմանի Սուլթանութիւնը սուրիական եւ իրաքեան տարածքներու վրայ նման զինուորական յարձակումներ ո՛չ միայն սպառնալիք կը համարէ շրջանի խաղաղութեան, այլեւ արգելք՝ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարման»:

Նախարարը դիտել տուաւ, որ իր երկիրը խիստ մտահոգութեամբ կը հետեւի շրջանի լարուածութեան սրման եւ Իսրայէլի Կազզայի դէմ շարունակուող գրոհին, որ տասնեակ զոհերու, յատկապէս մանուկներու եւ կիներու, կեանքեր կը խլէ ամէն օր։

Նախարարը եզրափակելով ըսաւ, որ Օմանի Սուլթանութեան դիտանկիւնէն տարածաշրջանի հարցերուն լուծումը Պաղեստինի պետութեան միջազգային ճանաչումով ու Իսրայէլի պաղեստինեան բոլոր հողերէն դուրս գալով կ՚իրականանայ։