Իրանը, Ռուսիան եւ Չինաստանը մինչեւ տարեվերջ միատեղ ռազմածովային զօրավարժութիւններ պիտի կատարեն։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ռազմածովային նաւատորմի հրամանատար, քոնթր-ծովակալ Շահրամ Իրանին։
Անոր խօսքին համաձայն, նպատակը տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ ընդհանուր շահերու ապահովումն է։ «Մենք նաեւ կը հրաւիրենք այլ երկիրներու՝ մասնակցելու Իրանի, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմածովային զօրավարժութիւններուն, որոնք տեղի կ’ունենան մինչեւ Մարտի վերջաւորութեան», ըսած է ան։