Քաղաքագէտ Բենիամին Մաթէոսեան անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՀ-ի նոր Սահմանադրութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններուն՝ Yerkir.am-ի հետ զրույցում նշեց «Սահմանադրական փոփոխութիւնները օրակարգ են, որոնք Հայաստանին թելադրուած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէն»,
Քաղաքագէտը կը յիշեցնէ 27 Սեպտեմբեր 2021_ ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերը. «Հայաստանը պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը: Հայաստանի սահմանադրութեան բնաբանին մէջ Թուրքիոյ դէմ տարածքային պահանջներուն մասին յղումներ կան։ Անոնք պէտք է հրաժարին անկէ։ Առաջին կարգին անոբք պէտք է մշակեն եւ ընդունին նոր Սահմանադրութիւն»:
«2021_ին անոնք «տնային առաջադրանք» տուած են, իսկ 2024 թուականին ՀՀ իշխանութիւնները կեանքի կոչած են այդ առաջադրանքը եւ անով կ’ոչնչացնեն երրորդ Հանրապետութեան քաղաքական հիմքերը», փաստած է քաղաքագէտը:
Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան կողմէն երկրի պետական խորհրդանիշներու փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններուն՝ քաղաքագէտը ըսաւ.
«Կ’երթանք դէպի պետական համակարգի եւ պետականութեան լիակատար լուծարումի։ Այստեղ յատկանշական է, որ իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորներէն մէկը ըսաւ, որ նոյնիսկ սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնք թելադրուած են Ատրպէյճանի կողմէն, չեն երաշխաւորեր, որ պատերազմ պիտի չըլլայ: Բայց իրենք կ’երթան ե՛ւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, եւ՛ պետական խորհրդանիշներու փոփոխութիւններուն: Մեր փաստաթուղթերուն մէջ կան բաներ, որոնք կ’ակնարկեն, որ մենք կը պայքարինք պատմական արդարութեան վերականգնումին համար: Խօսքը Անկախութեան հռչակագիրի, Սահմանադրութեան որոշակի կէտերուն մասին է: Բայց այստեղ հարցը բոլորովին այլ է՝ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան շատ լաւ կը հասկնան, որ հարցը ոչ այնքան մեր փաստաթուղթերն են, որքան որ մենք ունինք պետութիւն: Մենք Արցախի կամ ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարած ենք ոչ թէ անոր համար, որ ատիկա գրուած է Սահմանադրութեան մէջ կամ անկախութեան հռչակագիրին մէջ այլ, հակառակը, մենք պայքարած ենք Արցախի համար եւ Հայոց Ցեղասպանության ճանաչման համար, գրած ենք մեր փաստաթուղթերուն մէջ։ Ուստի պէտք է վերացնել ոչ թէ փաստաթուղթերը, այլ այն տուեալը, որ կրնայ պայքարիլ Արցախի եւ ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Մենք կ’երթանք Հայաստանի պետականութեան լուծարումի ճամբով: Փաշինեան կ’ոչնչացնէ մեր «ծննդեան վկայականը»: Ան նաեւ կ’ոչնչացնէ մեր յարաբերութիւնները գործընկերներու հետ», կը նշէ Բենիամին Մաթէոսեանը:
Նկատի առնելով, որ բաւականին մեծ թիւով ձայներ հարկաւոր են փոփոխութիւնները իրականացնելու համար, կրնա՞յ Փաշինեան ապահովել ձայներու այդ քանակը՝ հարցումին ի պատասխան քաղաքագէտը նշեց.
«Նախ սկսինք այն տեղէն, որ կայ, եղած է եւ պիտի ըլլայ վարչական աղբիւրը: Երկրորդ ո՞վ ըսաւ, որ այս իշխանութիւնները չեն կրնար ձայներ գնել: Երրորդը՝ իրենց ձեռքն է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, իրենք կրնան սահմանադրութեան 207 կէտով փոփոխութիւն կատարել եւ շեմը, որուն համաձայն, սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի ըլլան ընդունուած, նուազեցնեն: Սահմանադրութեան մէջ փոխելով հանրաքուէներու մասին դրոյթը, իրենք կրնան պարզ մեծամասնութեամբ ապահովել իրենց համար անհրաժեշտ փոփոխութիւնները»:

Մանէ Տիգրանյան
ՀՊՄՀ մշակոյթի հիմնարկ,
լրագրութեան բաժին,
3-րդ քուրս