Ծառի մը շառաւիղները եթէ արմատին հետ կտրեն անգամ, ծառը առանձին աճելու կարելիութիւն կ’ունենայ։ Սակայն եթէ ծառը արմատէն պոկեն՝ վերջ կու տան անոր կեանքին բնականաբար։
Այդպէս է նաեւ ազգի մը պարագային։ Եթէ ազգի մը շառաւիղները անջատուին իրենց արմատներէն, հողէն, մշակութային ու պատմական ժառանգութենէն, կրօնքէն ու ազգային գաղափարախօսութենէն, ժամանակի ընթացքին կը վերածուին օտարներու կողմէ կառավարելի հաւաքականութեան մը, որ իր առօրեայ օրապահիկը ապահովելէ բացի ոչ մէկ արժէք կը դաւանի։
Աւարայրի ճակատամարտն ու Սրբոց Վարդանանց տօնը մեր ազգային-եկեղեցական տօնացոյցին վրայ հաստատելու խորհուրդը այս եղած է հաստատաբար։
440-ական թուականներուն պարսից արքունիքը, խաղաղութեան պատրուակով որդեգրեց մարզպանական Հայաստանի պետական ինքնավարութիւնը վերացնելու եւ զայն պարսկական սովորական նահանգի վերածելու քաղաքականութիւն: Այս օրերուն նոյն քաղաքականութիւնը կը վարեն Ատրպէյճանն ու իր գործընկեր Թուրքիան՝ կրկին խաղաղութեան պատրուակով։ Յազկերտ 2-րդն ալ խոստացած էր խաղաղութիւն, իսկ բիւզանդացիները խոստացած էին զինուորական օգնութիւն տրամադրել Հայկական մարզպանութեան։
Ո՛չ առաջինին, ո՛չ երկրորդին վստահելով՝ օրուան հայ հոգեւոր եւ զինուորական ղեկավարութիւնն ու իշխանութիւնը իրենց սեփական ուժին ապաւինեցան ու ժողովուրդի պոռթկումի ձայնին անսալով ընտրեցին պայքարի ուղին։ Այդ պայքարն ալ անհաւասար ուժերու մէջ էր գերազանցապէս, սակայն հայկական կողմը կրցաւ կառչած մնալ իր արմատներուն, իր ինքնութեան ու համախմբուածութեամբ դէմ դրաւ յազկերտներու սպառնալիքներուն։ Այդ պայքարին շնորհիւ հայ ազգը պահեց իր ինքնութիւնն ու դիմագիծը՝ հետագային կրկին անկախ պետութիւն հիմնելու հաւատքով։ Ու հաւատքը գործի վերածուեցաւ եւ մենք տարիներու մարտնչումէն ետք ունեցանք անկախ պետութիւն։
Այսօր ո՛չ այդ միասնակամութիւնը պահուած է Հայաստանի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան մէջ, ոչ ալ արմատներուն կառչելու յանձնառութիւնը։ Արցախը ափսէի վրայ հրամցնող, պատմութեան դասագիրքերը աղաւաղող ու ատրպէյճանաթրքական պահանջին անսալով Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրն անգամ փոխելու նախաձեռնող Հայաստանի իշխանութիւնները, յանձնուած պետականութեան մը ուղին բռնած, պատերազմի սպառնալիքը կը հնչեցնեն անընդմիջաբար։ Պատերազմի սպառնալիքը հնչեցնելով մէկտեղ կը փորձեն ազգը վերածել կառավարելի ժողովուրդի մը, զայն համոզել ջանալով որ Հայաստանի պաշտպանուածութիւնը իր անպաշտպան, անպայքար մնալուն մէջ իսկ է։
Նորօրեայ յազկերտներու գերին դարձած այս իշխանութիւնները, որքան ալ արդարացնել փորձեն իրենց վարած քաղաքականութիւնը, իրենք զիրենք իրաւունք կը վերապահեն հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մեր ազգին ինքնիշխան ու ազատ ապրելու եւ պատմական արդարութիւնը վերահաստատելու ձգտումները սեղմելու փոքր տարածքի մը մէջ ու այդ նպատակի իրականացման համար խզելու Հայաստան-Սփիւռք առնչութիւնները, ուրանալու Արցախի հայկական էութիւնը, մեկուսացնելու Հայ եկեղեցին։
Մինչդեռ Վարդանանց խորհուրդը յստակօրէն կ’ուրուագծէ ազգ, պետութիւն, եկեղեցի գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ յազկերտներու եւ ալիեւներու սուրին դէմ չընկրկելու եւ դիւանագիտական ու զինուորական առաւելութիւններ ձեռք բերելու համար։
Յազկերտներու սպառնալիքներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախի ոչնչացման դէմ պայքարի ճամբայ կերտած ու վերականգնելու համար պայքարած հայ ազգը մոլորեցնել կը փորձեն։ Մոլորեցման այս ճիգերը ձախողութեան պէտք է դատապարտել՝ հաւաքական գիտակցութեամբ ու գործով։