Ամերիկեան ուժեր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ խմբաւորումները հարուածելու պատրուակով  2014-էն ի վեր ապօրինաբար կայք հաստատած են Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ։ Տարիներու ընթացքին, քրտական գործօնը օգտագործելով, այս ուժերը թալանեցին ու կը շարունակեն թալանել Սուրիոյ քարիւղը, նոյնը կատարեցին թրքական ուժերը՝ քրտական խմբաւորումներու դէմ պայքարելու պատրուակով։
Միացեալ Նահանգներ նաեւ «Կայսեր» պատիժը սահմանելով Սուրիոյ, ամէն ջանք ի գործ դրաւ տապալելու Սուրիոյ իշխանութիւնը, պարտադրելու սուրիական տագնապի լուծման իր տարբերակը։
Տարիներ ետք, սակայն, երեւան եկաւ, որ այս ուժերուն ներկայութիւնը պարզապէս անօրինութիւններու դուռ բացաւ
երկրէն ներս, որոշ խմբաւորումներ տնտեսապէս ուժեղացան՝ փոխարէնը ծառայեցին թրքական եւ ամերիկեան ուժերուն, անտեսելով իրենց իսկ երկրի շահերը, հատուածական շահեր հետապնդելով պարզապէս։
Ժամանակը ցոյց տուաւ, սակայն, որ ամերիկեան եւ թրքական ուժերուն ներկայութեան վերջ տալով միայն կարելի է
լուծել սուրիական տագնապը. տագնապ մը, որ ստացաւ ապահովական, ապա քաղաքական եւ տնտեսական բնոյթ, իսկ անոր լուծման ուշացումը սկսաւ անդրադարձ ունենալ նաեւ ապօրինի այս ուժերուն վրայ։
Վերջերս  ՏէրԶօրի շրջակայքը հաստատուած ամերիկեան ուժեր թիրախ դարձան հրթիռակոծումներու, ամերիկացի զինուորներ սպանուեցան, ինչ որ ամերիկեան ուժերուն ներկայութեան հետեւանքները նիւթականէն մարդկային վնասներու շրջածիր ուղղեց։ Երեւոյթ մը, որ անհանգստացուց ամերիկեան կողմը ու ըստ կարգ մը լրատուամիջոցներու՝ քաղաքական խաւին շրջանառութեան մէջ դրաւ Սուրիայէն դուրս գալու հաւանականութիւնը։
Նախորդ տարուան աւարտին էր՝ երբ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Պետրսըն յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կը պահանջէ սերտել ամերիկեան եւ թրքական ուժերուն դուրս բերումը սուրիական տարածքներէն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պարտադրուած պատժամիջոցներու վերանայումը (Նովոստի, 10 Դեկտեմբեր 2023)։
Վերջերս «Ֆորէն Փոլիսի» լրատուականը  յայտնած է, որ «Աքսայի Ջրհեղեղ» գործողութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը տարածաշրջանին վրայ Ամերիկայի նախագահ Պայտընի վարչակարգը մղած է վերանայելու Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ներկայութեան առաջնահերթութիւնները։
Աղբիւրին համաձայն, Պաշտպանութեան եւ Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն ներս կը քննարկուի Սուրիայէն քաշուելու հաւանականութիւնը, սակայն վերջնական որոշում չէ գոյացած այս առումով։
Միւս կողմէ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտեւ  ռուսական ԹԱՍՍ լրատուամիջոցին հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ  Սուրիոյ տարածքին  օտարերկրեայ զինեալ ուժերու ներկայութեան մասին։
Ռուս պաշտօնեան մասնաւորապէս անդրադարձած է թրքական զինեալ ուժերուն եւ վերջիններուս կողմէ աջակցութիւն վայելող Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական տարածքներուն եւ լուսարձակի տակ առած թրքական ուժերուն ապօրինաբար սուրիական տարածքներ գտնուած ըլլալու իրողութիւնը։ Ան վերյիշեցուցած է  որ Սուրիա – Թուրքիա յարաբերութիւնները կարելի չէ կարգաւորել  մինչեւ թրքական ուժերուն դուրս գալը, իսկ վերջինիս գործնականացման ուշացումին հետեւանքով Ռուսիոյ միջնորդութեամբ սկսած կողմերու հանդիպումները չեն արդիւնաւորուած։
Տարածաշրջանին մէջ Պաղեստինեան դիմադրութեան գործողութիւնները, յատկապէս վերջերս  ՄԱԿ-ի կողմէ Իսրայէլը չարդարացնող յայտարարութիւնները, տարածաշրջանային ուժերու բախման լուրջ նախադրեալներ կը ստեղծեն, ինչ որ կրնայ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան մղել գէթ սուրիական ճակատին վրայ բախումներու թիրախ դառնալէ զգուշանալու։
Իրականութեան մէջ, սակայն, ցարդ գործնական ոչ մէկ քայլ երեւելի է վերոյիշեալ ապօրինի ուժերուն Սուրիայէն դուրս գալուն առումով։ Միւս կողմէ այս ուժերուն Սուրիա մնալով բախումներու տարածքը կրնայ ընդլայնիլ եւ թիրախ դարձնել այս ուժերը եւս։