Սէուտական Արաբիոյ իսլամական հարցերու նախարար շէյխ դոկտ. Ապտըլլաթիֆ Աշէյխ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Այման Սուսանի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու յարաբերութեան ամրապնդման շուրջ։
Նախարար Ապտըլլաթիֆ ողջունեց Սուսանը, ապա յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած պաշտօնին մէջ, շեշտելով Սուրիոյ կարեւոր դիրքը՝ արաբական եւ իսլամական մակարդակներով։
Իր կարգին դեսպան Սուսան փոխանցեց Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. Մուհամմէտ Ապտըսաթթար Սեյիտի ողջոյնները իր սէուտցի պաշտօնակիցին, զինք անգամ մը եւս Սուրիա այցելութեան հրաւիրելով։