Զինուորական աղբիւրներ քիչ առաջ յայտնեցին, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժեր այսօր յետմիջօրէի ժամը 14։10-ին վար առած են Դամասկոսի հարաւը ուղղուող անօդաչու թռչող երկու սարքեր, որոնք սուրիական օդային տարածք մտած էին սուրիական բռնագրաւուած Կոլանի կողմէն։