Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, թեմի հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ:
Ուրախանալի երեւոյթ էր տեսնել ներկայութիւնը մեծաթիւ հաւատացեալներու, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի եւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի աշակերտներուն, որոնք Ս. Պատարագին մասնակցելով կ՚արտայայտէին իրենց յարգանքն ու սէրը թեմի հոգեւորականաց դասուն նկատմամբ։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին քահանայ հայրերը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնին խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց պատարագիչ քահանայ հայրը, բնաբան ունենալով հետեւեալ աստուածաշնչական համարը. «Հետեւեցէք ձեր հոգեւոր առաջնորդներուն եւ անոնց հաւատքի վկայութիւնը ունեցէք»։
Քահանայ Հայրը պարզաբանելով Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին խորհուրդը, յայտնեց, թէ Ղեւոնդեանց քահանաները նահատակութեան գնով հաւատքի եւ հոգեւոր պատերազմ մղեցին՝ չարին, անաստուածութեան եւ Քրիստոսը ուրանալուն դէմ։
Ան նշեց, թէ Քրիստոս չեկաւ քահանայութիւնը ջնջելու, այլ իր մարմինի ընծայաբերումով եւ արեան հեղումով նոր քահանայութիւն հաստատելու։
Քահանայ Հայրը անդրադառնալով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի» հռչակագիրին, յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդները եւ քահանաները Հայ Եկեղեցին բնորոշող արժէքներով մարդուժ կը պատրաստեն։ Ան նշեց, թէ Ս. Ղեւոնդ Երէց եւ Յովսէփ Կաթողիկոս աշակերտելով Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի, հոգեւոր պատերազմ մղեցին, որպէսզի հայ ժողովուրդը չշեղի իր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքէն։
Քահանայ Հայրը հրաւիրեց ներկաները աղօթքով պայքարելու չարին դէմ եւ դառնալու ի լոյս աստուածգիտութեան։ Ան մաղթեց, որ խոնարհ հոգիով մօտենանք մեր սուրբ հայրերուն եւ պատուենք քահանայ հայրերը։
Այս առիթով, ան շնորհաւորեց Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետները, եպիսկոպոսները, քահանայ հայրերը, սարկաւագները եւ անոնց ճամբով եկեղեցւոյ զաւակները, մաղթելով, որ հաւատքի մէջ առաւել զօրանան։

Աւարտին Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի վախճանեալ հոգեւորականներուն, ինչպէս նաեւ 6 Փետրուար 2023-ի երկրաշարժին զոհ գացած հայորդիներ Միրնա Մինասեան-Թէնէքէճեանի եւ Ալպէր Նարեկ Թէնէքէճեանի հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Պատարագէն ետք, ներկաները համախմբուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, ուր «Շողակաթ» երգչախումբի անդամները Սրբ. Ղեւոնդեանց եւ Սրբ. Վարդանանց տօներուն նուիրուած երգեր երգեցին։ Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները, յայտնելով, որ Ղեւոնդեանց քահանայից հաւատքի լոյսին տակ, ներկայիս տիրող դժուարութիւններուն մէջ մղենք մեր հոգեւոր պայքարը՝ իրողապէս դաւանելով քրիստոնէական հաւատքը եւ Քրիստոսը ապրեցնելով մեր կեանքին մէջ։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմի հոգեւորականները եւ մաղթեց, որ ուրախութեամբ, կայտառութեամբ եւ հաւատքով լեցուն շարունակեն իրենց ծառայութիւնը։
Ապա, Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։