Չորեքշաբթի, 31 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի հրամանատար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանին եւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան 14-րդ խումբի հրամանատար Դաւիթ Յարութիւնեանին։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանը յուզող հարցերուն եւ ընդհանրապէս տեղի ունեցող յարաբերութիւններուն մասին։ Այցելուները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր։
Սրբազան Հայրը, իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց Հալէպ ժամանած 14-րդ խումբին եւ անոր հրամանատարին, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց անոնց եւ մաղթեց, որ մեր ծննդավայրին՝ Սուրիոյ ի նպաստ անփորձանք մատուցեն իրենց ծառայութիւնը՝ հայրենիքի պատիւին եւ Սուրիոյ ժողովուրդի բարօրութեան համար։