Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Յունուարի վերջաւորութենէն մինչեւ Փետրուարի սկիզբը այցելած են Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները։
Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Զառա Ամատունին տեղեկացուց, որ գերիներու պայմաններուն, առողջական վիճակի գնահատման հետ մէկտեղ կարելիութիւն տրուած է բոլորին կապ հաստատել իրենց ընտանքիներուն հետ:
Պաքուի բանտերուն մէջ 23 հայեր պահուած, 8-ը Արցախի նախկին ղեկավարներն են, 6-ը՝ քաղաքացիական անձեր , 9-ը՝ ռազմագերիներ։