Մահացած է «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, մշակութաբան, հասարական գործիչ Գագիկ Գինոսեան։ Գագիկ Գինոսեան ծնած է 3 Օգոստոս 1966_ին Վրաստանի ԽՍՀ Ախալցխա քաղաքը։ Մասնակցած է Արցախեան առաջին պատերազմին, եղած է Լեոնիտ Ազգալտեանի հրամանատարութեամբ գործող «Ազատագրական Բանակ» ջոկատի ռազմիկ, ապա Օգոստոս 1992-ին ընդգրկուած է «Արծիւ Մահապարտներ» յատուկ նշանակութեան գումարտակին մէջ։

1994-1996 թուականներուն ծառայած է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ Ուժերու յատուկ նշանակութեան առանձին գումարտակին մէջ։ 1995-1996 թուականներուն սորված եւ աւարտած է Մոսկուայի Մարշալ Շափոշնիքովի անուան դաշտային զինուորական ակադեմիան՝ ստանալով գունդի աւագ գնդապետի եւ հրամանատարի որակաւորում։ 1996 թուականին զօրացրուած է ՀՀ Զինեալ Ուժերու շարքերէն։ Երկար տարիներ պարած է «Վան» եւ «Ակունք» ազգագրական պարի համոյթներուն մէջ, զբաղած է բանահաւաքի գործունէութեամբ, հիմնադրած եւ ղեկավարած է «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը։