Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ի կէս գիշերուան ժամը 00:30-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Թրիփոլիի հիւսիսային բաժինէն Սուրիոյ Հոմս քաղաքին եւ անոր արուարձանի կարգ մը կէտերուն վրայ։
Յարձակումին հետեւանքով քաղաքացիներ նահատակուեցան, վիրաւորուեցան, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։
Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնցմէ մաս մը։