ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Քուսէի Տահհաք Նիւ Եորքի մէջ Երկուշաբթի օր գումարուած Ապահովութեան Խորհուրդի «Միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիքներ» օրակարգով արտակարգ նիստին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիա կտրականապէս կը մերժէ բոլոր այն պատրուակները, զորս ԱՄՆ կը ներկայացնէ արդարացնելու իր թշնամական յարձակումները սուրիական տարածքներու վրայ։ Յարձակումին նպատակն է պաշտպանել Ուաշինկթընի գործիքները՝ սկսեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն, հասնելով մինչեւ անջատողական աշխարհազօրայիններ։
Տահհաք նկատել տուաւ, որ այս յարձակումները, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան 37 զինուորներ եւ քաղաքայիններ, կը համալրուին իսրայէլեան շարունակուող հրթիռակոծումներով, այդուամենայնիւ այս յարձակումները պիտի չկասեցնեն Սուրիոյ պայքարը՝ ազատագրելու իր ամբողջ հողատարածքները օտար, ապօրինի զինեալ ուժերէ, վերջ տալու ահաբեկչութեան, վերահաստատելու պետութեան գերիշխանութիւնը Սուրիոյ ողջ տարածքին, ամրագրելու օրէնքի գերակայութիւնը եւ ժողովուրդին ապահովութիւնը։

Տահհաք Սուրիոյ անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ Դաշնութեան մնայուն պատուիրակութեան այս նիստը գումարելու կարելիութեան ստեղծման համար՝ ի պատասխան Սուրիոյ եւ բարեկամ Իրաքի տարածքներուն ուղղուած ԱՄՆ-ի յարձակումներուն, որոնք սպառնալիք կը համարուին տարածաշրջանային և միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ու բացայայտ խախտում՝ միջազգային իրաւունքին, միջազգային մարդասիրական իրաւունքին, սկզբունքներուն եւ նպատակներուն, ինչ որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին յստակ դատապարտման պէտք է արժանանայ։