Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանին կից տեղադրուած տնակին մէջ 6 Փետրուարին տեղւոյն ժամը 13:20-ի սահմաններուն, տակաւին չպարզուած հանգամանքներով բռնկած հրդեհին հետեւանքով մահացած է պահեստազօրային Արթուր Վարուժանի Գրիգորեան (ծնեալ 1985 թ.): Հրդեհը շիջանած են։ Այլ տուժածներ չկան: Ըստ «Արմէնփրէս»-ի տուեալներուն, դէպքի հանգամանքները ամբողջովին պարզելու նպատակով կ’ընթանայ քննութիւն: Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը վշտակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնած է պահեստազօրայինի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն: