Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակի, արցախեան հիմնախնդիրի, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, յատկապէս Արցախ հաւաքական վերադարձի հարցերը։

Տեղեկութիւններ փոխանակուեցան հայրենիքի մէջ եւ համաշխարհային մակարդակով Արցախի հարցի արդարացի լուծման գծով կատարուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուած համահահայկական նախաձեռնութիւններուն մասին։

Շեշտուեցաւ արցախահայերուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ Հայաստանի պետականութեան հիմքերու ամրապնդման աշխատանքի շարունակութեան, ի խնդիր ազգային միասնականութեան զօրացման եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման՝ ազգային կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եկեղեցուոյ դերի խորացման գծով։

ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան
8 Փետրուար 2024