7 Փետրարին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Լա Հէյի մէջ հանդիպում ունեցած է Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռայմոնտ տէ Ռոնի եւ յանձնաժողովի՝ խորհրդարանի կուսակցութիւններուն մեծամասնութիւնը ներկայացնող անդամներուն հետ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ Հայաստան կ’ընթանայ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ճամբով, որոնց հետեւանքով առկայ ձեռքբերումները իրենց արտացոլումը գտած են նաեւ միջազգային համապատասխան ցուցանիշներով։

Տարածաշրջանային երթեւեկային եւ տնտեսական կապուղիներու ապաշրջափակման համար Արարատ Միրզոյեան յայտնած է, որ ՀՀ կողմէն կարեւոր համարուող չորս՝ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան ու հաւասարութեան սկզբունքները իրենց լաւագոյն արտացոլումը ստացած են ՀՀ կառավարութեան կողմէն մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրով, որ ներկայացուած եւ արժանացած է միջազգային գործընկերներու ուշադրութեան։

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ պատասխանած է Հոլանտայի խորհրդարանականներու հարցումներուն՝ տարածաշրջանային զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտման հետեւանքով բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներուն ու կարիքներուն հասցէագրման, ՀՀ-Եւրոմիութեան գործընկերութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մասին։