Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. իր նստավայրին մէջ ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Յակոբ Բագրատունին և ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի շուրջ ստեղծուած արտաքին հարցերն ու անոնց վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւնները։ Շեշտը դրուեցաւ երկրի ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու հրամայականին վրայ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաև Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու կարելիութիւններուն, յատկապէս հայ ժողովուրդի և Հայրենիքի ճակատագրական այս փուլին։