Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի՝ Հունգարիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ստորագրուած է յուշագիր՝ երկու երկիրներու միջեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու մէջ գործակցութեան մասին:
Յուշագիրը ստորագրած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան եւ Հունգարիոյ մշակոյթի եւ նորարարութեան պետքարտուղար Պալաշ Հանքօն:
Աղբիւրին համաձայն, յուշագիրի ստորագրումի արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Հունգարիոյ նախագահ Քաթալին Նովաք:
Յուշագիրին համաձայն, կողմերը պիտի նպաստեն արուեստի գործիչներուն, փորձագէտներուն, ուսանողներուն, կրթութեան եւ հետազօտութեան բնագաւառի մէջ աշխատակիցներու անմիջական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ մշակոյթի, բարձրագոյն կրթութեան, միջին մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման ու նորարարութեան, գիտաճարտարագիտական գործունէութեան բնագաւառներուն մէջ անոնց փոխանակումներուն:
Նախատեսուած է նաեւ երկու պետութիւններու թանգարաններուն եւ գրադարաններուն միջեւ կապերու հաստատում՝ մասնագէտներու եւ փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ թանգարանային եւ գրադարանային գործի ոլորտի մէջ տեղեկատուական, մեթոտաբանական եւ մատենագրական նիւթերու փոխանակման միջոցով:
Ըստ յուշագիրին, կողմերը պիտի գործակցին միջազգային կազմակերպութիւններու (ԵՈՒՆԵՍՔՕ, ՏՀԶԿ, Եւրոպայի խորհուրդի մշակութային ուղիներ, ՍԾՏՀ) ու Եւրոպական միութեան կողմէն ֆինանսաւորուող ծրագիրներով՝ Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ մշակութային, կրթական եւ հետազօտական գործակցութեան խթանման, ինչպէս նաեւ միատեղ մշակութային, կրթական, հետազօտական ծրագիրներու իրականացման, փորձի փոխանակման նոր հարթակներու ստեղծումի միջոցով:
Կողմերը ընդգծած են բարձրագոյն կրթութեան ոլորտի մէջ Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ առկայ գործուն գործակցութեան կարեւորութիւնը: Ըստ այդմ, կողմերը խրախուսած են իրենց բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն միջեւ անմիջական յարաբերութիւնները ուսանողներու, դասախօսական կազմի, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու աշխատակիցներու, գիտաշխատողներու եւ կրթաթոշակառուներու փոխանակման առումով:
Կողմերը պիտի նպաստեն նաև երկու երկիրներու թատերական եւ համերգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ առանձին արուեստի գործիչներու եւ մշակոյթի տարբեր ոլորտներու կազմակերպութիւններուն միջեւ անմիջական կապերու հաստատման: Կողմերը մասնակցած են նաեւ արուեստի գործերու փոխանակման ցուցահանդէսներուն եւ միատեղ կազմակերպուող ցուցահանդէսային ծրագիրներուն: