ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ աշխատանքային եռօրեայ այցելութեամբ ժամանած էր Լիբանան, հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէութեան ընկերական կազմին հետ։ Ընկեր Սաղաթէլեան զեկուցեց ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն, Դաշնակցութեան տարած աշխատանքներուն մասին կեդրոնանալով Սահմանադրութեան փոփոխութեան բուն շարժառիթներուն վրայ։ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յատկապէս շեշտեց իշխանութիւն-պետականութիւն տարբերութիւնը եւ Անկախութեան հռչակագիրին իրաւասահմանադրականութիւնը վերացնելու վտանգը։
Այնուհետեւ այս բոլոր հրատապ խնդիրներուն եւ անոնց կապուած հարցերուն մասին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցչը կատարեց պարզաբանումներ։
Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական օրակարգերու շուրջ համակարգուած աշխատանք տանելու հրամայականը։