«ԱԼԻՔ», Կ. Դ. – Արցախի հիմնահարցն ու կորուստը, Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային իրավիճակը եւ այն ամէն մտահոգութիւններն ու ապագայ կարելի զարգացումներն ու մեր ընելիքները այն նիւթերն էին, որոնք քննարկուեցան «Հայ Դատը Այսօր» 15-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին։
Թեհրանի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ 15 եւ 16 Փետրուարին, Հայ Հասարակական Միութեան (Հայ ակումբ) սրահին մէջ կազմակերուած էր «Հայ Դատը Այսօր» 15-րդ խորհրդաժողովը՝ Հայաստանէն, Արցախէն հրաւիրուած հիւրերու եւ իրանահայ երեք թեմերու ներկայացուցիչներու ու ազգային մարմիններու մասնակցութեամբ:
15-րդ խորհրդաժողովի խորագիրն էր «Արցախի Կորուստ, Համազգային Ճգնաժամ. Գոյապայքար ՀՀ Պետականութեան եւ Ինքնիշխանութեան Պահպանման համար»:
Խորհրդաժողովը կը նախագահէին՝ Սոֆի Ջաղարպէգեան, Արամ Շահնազարեան եւ Գէորգ Ղուկասեան: