ՏԵՍՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐԵԼԱՒՈՂ ՍՆՈՒՆԴ

«Որոշ ուտելիքներ կրնան օգտակար ըլլալ աչքերու առողջութեան համար», ըսած է սննդաբան Քերոլին Ուիլիամս:
Աչքերու համար շատ օգտակար է A կենսանիւթը, որովհետեւ կը զօրացնէ եղջերաթաղանթը եւ կը բարելաւէ տեսողութեան սրութիւնը։ Օրկանիզմին մէջ այս վիթամինին պակասը կրնայ յանգեցնել տեսողութեան «փիկմընթ ռոտոփսինի սինթըսիզ»-ի հետ կապուած խնդիրներու, որուն հետեւանքով կը յառաջանայ մթութեան մէջ առարկաները յստակ տեսնելու անկարողութիւն, փոխանցած է Yahoo Life-ը:
Սննդաբանը տուած է ութ ուտելիքներու անուններ, որոնք հարուստ են աչքերու համար օգտակար «ռետինոլ»-ով ( A կենսանիւթ) եւ այլ նիւթերով։
Այս կենսանիւթով հարուստ է նաեւ գետնախնձորը։ Անիկա կը պարունակէ «քարոթինոիտ»-ներ, որոնք կը գործեն որպէս «հակաօքսիտանթ»-ներ։
Շոմինը, գանգուր կաղամբը եւ հաւկիթը նոյնպէս կը նպաստեն աչքերու առողջութեան բարելաւման: Այս ուտելիքները հարուստ են «լիութէին»-ով եւ «զեակսանթին»-ով, որոնք կը պաշտպանեն ցանցաթաղանթը։ Այս «փիկմընթ»-ները կը գործեն որպէս «հակաօքսիտանթ»-ներ, ինչպէս նաեւ՝ կը կլանեն կապոյտ լոյսի զգալի քանակութեամբ ճառագայթներ՝ չարտօնելով, որ անոնք ներթափանցեն աչքին մէջ, որպէսզի լոյսէն յառաջացած ազատ «ռատիքալ»-ները չվնասեն բջիջները:
Սննդաբանը կը յանձնարարէ նաեւ սննդականոնին մէջ ներառել ոստրէներ, որոնք «զինք» կը պարունակեն։
«Զինքը անհրաժեշտ է օրկանիզմին մէջ աւելի քան 300 «ֆերմենթ»-ներու աշխուժացման համար, ան այլ «հակաօքսիտանթ»-ներու հետ միասին, ինչպէս՝ «սելեն»-ը, կը պաշտպանէ ցանցաթաղանթի սպիտակուցներու կառուցուածքն ու կայունութիւնը եւ անոր բջիջները՝ կանխելով եւ դանդաղեցնելով տեսողութեան կորուստը», ըսած է մասնագէտը։
Ամբողջ օրկանիզմին, այդ շարքին՝ աչքերու բջիջներու առողջութեան համար անհրաժեշտ է նաեւ  E կենսանիւթը, որուն պակասը փոխհատուցելու եւ օրկանիզմին մէջ այդ կենսանիւթին բնական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար մասնագէտը կը յանձնարարէ օրական ափ մը նուշ ուտել։
Չոր աչքի համախտանիշ ունեցող մարդոց մասնագէտը կը յանձնարարէ սննդականոնին մէջ աւելցնել իւղոտ եւ օմեկա-3-ով հարուստ ձուկ՝ իշխան, սարտին, սաղմոն եւ «մէքըրըլ»։
Մասնագէտը կը յանձնարարէ սննդականոնին մէջ ներառել նաեւ C կենսանիւթ պարունակող պտուղներ։
Աչքերու համար օգտակար ուտելիքներու ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ լուբիան եւ լուբիայի ընտանիքին պատկանող ուտելիքները եւ հատիկները:
***
ՊԱՀՔԻ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐ-1-
———————————

ՍՓՐԻՆԿ ՌՈԼՍ

Բաղադրութիւն

-Խմորի թերթիկներ
-2 հատ սոխ
-1\5 կաղամբ
-1 տուփ սունկ
-2 հատ կանաչ Պղպեղ
-2 հատ կարմիր Պղպեղ
-2 ստեպղին
-Աղ, պղպեղ, սոյ սօս, բուսական ձէթ։
Պատրաստութիւն
Քերիչէ անցընել ստեպղինը, ապա սոխը, պղպեղներն ու կաղամբը մանր կտորներու վերածել։
Տապակի մը մէջ բուսաիւղով թմրեցնել բոլոր բանջարեղէնը եւ սունկը՝ մէկ առ մէկ աւելցնելով տապակին։ Ապա աւելցնել 2 ապուրի դգալ սոյ սօսը, աղը (ըստ անհրաժեշտութեան) եւ փոշի պղպեղը։ Քանի մը վայրկեան մարմանդ կրակին վրայ դարձնել խառնուրդը մինչեւ որ ընդհանուր զանգուածը փափուկնայ։
Ապա խմորները երկար շերտերու վերածել, մէջը տեղադրել միջուկէն եւ փաթթել ու տաք ձէթի մէջ տապկել, կամ փուռին մէջ բուսական իւղով ծեփուած ափսէի մը մէջ եփել՝ մինչեւ որ խմորը հաւասարապէս վարդագոյն դառնայ։
Բարի ախորժակ։