ՈՐՔԱ՞Ն ԵՐԿԱՐ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻՆՔ

Չափահաս մարդու մը մարմնին բաղադրութիւնը մօտաւորապէս հետեւեալն է.- ջուր՝ 45 լիթր, իւղ՝ բաւականաչափ 7 կտոր օճառ շինելու, աղ՝ 30-40 թէյի դգալ, ծծումբ՝ լեցուն թէյի դգալ մը, շաքար՝ մօտաւորապէս 100 կրամ, լուսածին՝ բաւականաչափ 2200 լուցկիի գլուխ ծեփելու, կիր՝ բաւականաչափ փոքր խոհանոցի վանդակ մը ճերմկցնելու, կերակուրի «սոտա» կէս թէյի դգալ, ածուխ՝ բաւականաչափ շինելու 9000 մատիտ: Այս ամէնը՝ շուկայի գնով հազիւ մէկ-երկու տոլար կ’արժէ: Որչա՜փ հրաշալիօրէն ամենակարող Աստուած այսպիսի հասարակ նիւթեր գործածած է՝ կազմելու համար մարդկային մարմնին միլիառաւոր բջիջները, որոնք կ’ապահովեն անոր կեանքին բարդ գործողութիւնները:
Եթէ մարմինը նմանցնենք մեքենայի մը, վառելանիւթ մը հարկաւոր է՝ զայն բանեցնելու համար: Բայց ան չի կրնար ածուխ, փայտ կամ քարիւղ գործածել: Իր վառելանիւթը՝ տեսակ-տեսակ ուտեստեղէններն են, որոնք մարմնին կը հայթայթեն սնունդ, ուժանիւթ եւ ջերմութիւն, առանց որուն ան կը մեռնի: Իսկ վառելանիւթին այրումէն յառաջացած «մոխիր»-ը զարմանալի աղբահաւաքումի դրութեամբ մը կ’արտաքսուի, եւ աշխատող «գործաւոր»-ները կը սնուցանուին ու կը խնամուին բծախնդիր ուշադրութեամբ, ինչպէս պիտի տեսնենք հետագային:
Հետաքրքրական է հաշուել մարդու մը հարկաւոր վառելանիւթի քանակը՝ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին.- 6000 նկանակ հաց, 4 հորթ, 8 խոզ, 4 ոչխար, 300 հաւ, 70 սագ, 100 աղաւնի, 2000 մեծ ձուկ, 2000 փոքր ձուկ, 4000 քիլոկրամ գետնախնձոր, 5000 քիլօ ուրիշ բանջարեղէններ, 7000 քիլօ պտուղ, 6000 լիթր կաթ, 12000 լիթր սուրճ, 450 քիլօ աղ, 5000 հաւկիթ, 400 քիլօ շաքար, 1000 քիլօ պանիր, 10000 լիթր ջուր, եւ ուրիշ ուտելիքներ՝ աւելի փոքր քանակութեամբ:
Այս ամէնը սպառելով՝ որչա՞փ պիտի ապրի նորածին երեխան: Միջին հաշուով՝ ամերիկացի մը կը մեռնի 60 տարեկանին, եւ շատ յաճախ՝ սիրտի հիւանդութեան կամ արեան շրջանառութեան խանգարման հետեւանքով: Իսկ իւրաքանչիւր անձ կրնայ ապրիլ 35 կամ 95 տարի: Կեանքի տեւողութիւնը սերտօրէն կախեալ է անհատին սիրտի մկաններու վիճակէն եւ կարգ մը ուրիշ ազդակներէն: Երբ սիրտը դադրի բաբախելէ, ենթական կը մեռնի:
Հետազօտութիւն մը կատարուած է Ամերիկայի մէջ՝ մօտ 100 անձերէ կազմուած երկու խումբերու վրայ, որոնց անդամները՝ բոլորն ալ մեռեր էին սիրտի հիւանդութենէն. բացի մէկուն պատկանողները միջին հաշուով ապրեր էին 26 տարի աւելի քան միւսին մաս կազմողները: Այս երկարակեացներուն ծնողներն ալ նոյնպէս շատ ապրեր էին, եւ աւելի քիչ զաւակ ունեցեր էին: Անշուշտ գաղտնիք մը չէ թէ երկարակեցութեան գլխաւոր ազդակը ժառանգականութիւնն է:
Նաեւ երեւան եկած է թէ երկար ապրող խումբին անդամները աւելի ցած արեան գերճնշում ունէին, եւ իրենց սիրտին բաբախումը միջին հաշուով 4 զարկ պակաս էր ամէն վայրկեան: Բնականոն արեան ճնշում ունեցողը աւելի քիչ ենթակայ է ուղեղային արիւնահոսութեան, եւ արեան գերճնշումին բացակայութիւնը ուրիշ օգտակար ազդակներու կ’առաջնորդէ: Այն սիրտը՝ որ շատ արագ չի տրոփեր, քիչ մը աւելի ժամանակ կը հանգչի երկու բաբախումներու միջեւ: Այս մղակը տարին 40 միլիոն անգամ կը տրոփէ առանց հանգիստի՝ բացի երկու կծկումներուն միջեւ, ինչ որ իսկապէս չնչին տեւողութիւն մըն է:
Հետազօտութեան մէջ նկատի առնուած երկար ապրող մարդիկ աւելի նիհար էին, ու միջին հաշուով 3 քիլօ նուազ կը կշռէին քան միւս խումբին պատկանողները: Օգտակար է ծանրութիւնը պակսեցնել՝ աւելի քիչ ուտելով բնածխային ջրատ-հաց, խմորեղէն, կարկանդակ, եւ ուրիշ ուտելիքներ՝ որոնք անխուսափելիօրէն կշիռքը կը բարձրացնեն: Յիշեալ երկարակեացները նաեւ աւելի նեղ կուրծք եւ նուրբ մէջք ունէին: Հետեւաբար լայնալանջ մարդիկ պէտք չունին ի զուր գոռոզանալու: Իսկ քառասուն գարուններէն աւելի բոլորած անձերը դանդաղեցնելու են իրենց կեանքին ու գործին ընթացքը, գիտնալով թէ իրենց քսան տարեկանի աշխուժութիւնը ի սպառ կորսնցուցած են: Ընդհանրապէս ամէն չափազանցութիւն կը կարճեցնէ կեանքի տեւողութիւնը, մանաւանդ՝ ծխախոտի գործածութիւնը: