Նկատի ունենալով հայ-բիւզանդական հնագոյն կապերը, շատ հաւանական է, որ շատ վաղ ժամանակներէ Կիպրոս կղզիին մէջ բիւզանդացիներու կողքին գոյութիւն ունեցած է հայ գաղութ մը: Սակայն փաստագրական հնագոյն ներկայութիւնը յիշատակուած է 578-ին, երբ պարսիկ Խոսրով Ա. թագաւորին դէմ բիւզանդացի զօրավար Մաւրիկոս Կապադովկիացին արշաւանքի ընթացքին Արզանի մէջ կը գերեվարէ 10090 հայ եւ անոնցմէ 3350-ը կը տեղափոխէ Կիպրոս: Անոնց ներկայութիւնը եւ ռազմավարական դիրքը հետագային պատճառ կը դառնան շատ աւելի մեծ թիւով հայերու հաստատումին այդ կղզիին մէջ՝ քաղաքական, առեւտրական եւ ռազմական նկատառումներով:
Յիշատակուած են հայկական անուններ, ինչպէս՝ Արմէնոխորի, Արմինու, Քոռնոքիփոս, Պատրիկի, Պլատանի, Սփաթարիքո, որոնք կը ծառայէին բիւզանդական իշխանութեան որպէս վարձկան զինուորներ կամ սահմանապահներ: Հետագային Կիպրոսի կղզիին մէջ բիւզանդական կայսրութեան ծառայած են հայ զօրավարներ եւ կառավարիչներ, ինչպէս՝ Ալեքսիոս Մուսերէն 868-874 թ., Լեւ Սիմբականացի 910-911թ., Բազիլ Հայկազ 958 թ., Վահրամ 965թ. եւ Էլփիտիոս Վրահամիոս 1075-1085 թ.:
Լեւ Սիմբականացին ձեռնարկած է Լառնաքայի Ս. Ղազար Տաճարի կառուցումը, իսկ 973-ին Խաչիկ Ա. Կաթողիկոսը Նիկոսիոյ մէջ հիմնադրած է Հայոց Եպիսկոպոսութիւն։ Իսահակ Կոմնենոսի եւ Հայոց Իշխան Թորոս II-ի դստեր հարսանիքէն ետք, 1185-ինԿիպրոս կը փոխադրուին հայ ազնուականներ եւ ռազմիկներ, որոնք կը պաշտպանեն կղզին:
Լատինական դարաշրջանին, 1192-ին, երբ Երուսաղէմի Ֆրանք տիտղոսաւոր թագաւոր Գուիտոն Լուսինեան կը գնէ Կիպրոսի կղզին, մեծ թիւով հայ եւ այլազգի հարուստ վաճառականներու, ազնուականներու, ասպետներու եւ ռազմիկներու զանգուածային ներգաղթ մը կը հասնի Եւրոպայէն, Կիլիկիայէն եւ Արեւելքէն՝ հաստատուելով Կիպրոս։ Անոնց առատօրէն  կը շնորհուին կալուածներ, արտօնութիւններ: Այս երեւոյթին հետ առեւտրական կապերու եւ շարք մը ամուսնութիւններու ընդմէջէն կը ստեղծուի Կիպրոսի Լուսինեան թագաւորութիւնը՝ անքակտելիօրէն կապուած Կիլիկիոյ Թագաւորութեան հետ: Հետագայ ժամանակներուն, հազարաւոր կիլիկեան հայեր ապաստան կը գտնեն Կիպրոս՝ փախչելով մեմլուքեան արշաւանքներէն ու յարձակումներէն։ Կիլիկիոյ վերջին թագաւոր Լեւոն 5-րդ 1375-ին կ’ապաստանի Կիպրոս՝ շարունակական անկումներ կրելէ ետք: Իր մահուընէ ետք, իր տիտղոսն ու արտօնութիւնները, ինչպէս նաեւ զինանշանը 1396-ին Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ կը փոխանցուին իր զարմիկին՝  Ճէյմս Ա.-ին, Լուսինեան թագաւորին:
Հետագային Ֆրանքներու եւ Վենետիկեան յաջորդական ժամանակաշրջաններուն, 1192-1489 եւ 1489-1570 թուական, Նիկոսիա, Ֆամագոստա, Սպատարիկո, Կոռնոկիպոս, Պլատինի եւ այլուր կը գտնուէին հայկական եկեղեցիներ ու հայերէնը Կիպրոսի պաշտօնական լեզուներէն մէկը կը համարուէր: Նիկոսիոյ հայերը ունէին իրենց առաջնորդարանը ու կ’ապրէին հայկական թաղամասին մէջ, որ կը կոչուէր «Հայաստան կամ Արմէնոյիթոնիա». իսկ Ֆամաքուստա 12-րդ դարէն ունեցած է հայ եպիսկոպոսութիւն, հայերը ապրած են սուրիական թաղամասին շուրջ: Փաստագրուած է ներկայութիւնը հայկական վանական կարեւոր համալիրի մը, որպէս Աստուածաբանական կեդրոն եւ վանք, ուր սորված է Ս. Ներսէս Լամբրոնացի 1153-1198 թուականներուն. վանքը նախքան եղած է Հալեգայի մօտ գըտնուող Ս. Մակարիոսի ղպտի վանքը եւ 1504 թուականներուն ճանչցուած է որպէս Բենեդիկտեան Տաճարի «Նոթր Տամ Տէ Տիր» կամ «Տորտոսա» մայրապետանոց, Նիկոսիա:
Երբ կղզին Օսմանեան ժամանակաշրջանին՝ 1570-1571, գրաւուեցաւ, 40000 թրքական բանակէն վերապրած հայ արհեստաւորներ հաստատուեցան Կիպրոս, մասնաւորաբար Նիկոսիա, ուր ճանչցուած էր հայկական առաջնորդարանը որպէս ցեղային մեճլիս եւ ջնջուած էր Ֆամագուստայի եպիսկոպոսութիւնը:
Քաղաքը պարսպապատ էր, իսկ իսլամներու մուտքը՝ արգիլուած։ Հայերը լուծուած էին հասութաբեր արհեստներու եւ աշխատանքի, որոնց շնորհիւ  բարգաւաճ դարձուցին  քաղաքը։ 17-րդ դարու սկիզբը, Կիպրոս հաստատուեցան նաեւ պարսկահայ մետաքսի վաճառականներ։ 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն Նիկոսիա հաստատուեցան հարուստ օսմանահայեր, սակայն կիպրահայերու քանակը որոշ անկում արձանագրեց օսմանեան վարչակազմին սահմանած ծանր տուրքերուն եւ խստութեան հետեւանքով։ Տակաւին կար ճնշումը կրիպտո(թաքուն)-քրիստոնեաներ (Linobambaki) կամ իսլամներ դառնալու, ինչ որ կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ նախկին հայկական գիւղերը, (Արմենոխորի, Արտեմի, Ս.Յակոբոս, Ս. Խարիտոն, Կոռնոկիպոս, Մելոունտան, Պլատանին, Սպատարիկոն) 19-րդ դարու վերջերը բնակուած էր թուրք կիպրացիներով։ Այս նեղութիւններուն շարքը համալրուեցաւ նաեւ 1821-ին Յուլիսեան արիւնալի իրադարձութիւններով, որմէ ետք տեղի ունեցան բարելաւումներ՝ այսպէս կոչուած «թանզիմաթի շրջան»-ին՝ 1839-1876, որուն արդիւնքով Հայոց եպիսկոպոսը մասնակցեցաւ վարչական խորհուրդին, հայերը մասնակից դարձան քաղաքացիական ծառայութեան: 1869-ին Սուեզ ջրանցքի բացումը ձեռնտու եղաւ նաեւ հայ վաճառականին, ու անոր վիճակը մասամբ ընդունելի դարձաւ:
1878-ին, անգլիացիներու Կիպրոս ժամանումով եւ իրենց որդեգրած առաջադէմ վարչակարգով, հայկական փոքրաթիւ համայնքը վերստին բարգաւաճեցաւ՝ մասնաւորապէս հայոց լեզուական հմտութեան շնորհիւ։ Հայերը ընդունուեցան որպէս թարգմանիչներ հանրային ծառայութիւններու, որպէս տնտեսներ ու աճեցաւ համայնքին թիւը: Օսմանցիներու կողմէ իրականացուած սարսափելի ջարդերուն (1894-1896-1909-1915-1923…) հետեւանքով Կիպրոս լայն բացաւ իր գիրկը՝ ընդունելով աւելի քան 10.000 փախստականներ՝ Զմիւռնիայէն, Կոստանդնուպոլիսէն, Կիլիկիայէն։
Անոնք Կիպրոսը դարձուցին իրենց նոր հայրենիքը եւ դարձան արժանաւոր քաղաքացիներ՝ մշակելով վաճառականութիւն, արհեստներ, ստեղծելով նոր մասնագիտութիւններ, հիմնելով գործեր։ Այսպիսով անոնք  զարգացուցին կղզիին տնտեսական եւ ընկերային կեանքը:
Ճրտրգ. Կարպիս Մինասեան