Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ ՀՕՄ-ի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ՝ Ընկերուհի Ժանէթ Մարգարեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 25 Փետրուար 2024-ին։

Վաստակաշատ եւ նուիրեալ ՀՕՄուհի Ընկերուհի Ժանէթ Մարգարեանը եղած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 1989-էն մինչեւ 1992 թուականները եւ իր մասնակցութիւնը բերած է ԿՎ-ի յանձնախումբերուն, յատկապէս ՀՕՄ-ի Կրթաթոշակի յանձնախումբի աշխատանքներուն։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերուհիին սգակիր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՕՄի բոլոր անդամներուն։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ