«Երկիր»- Պերլինի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ բանակցութիւններէն ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով աշխատանքային այցելութեամբ Թուրքիա մեկնած է։

ԱՊԱ-ի համաձայն, այցելութեան շրջագիծէն ներս նախատեսուած է Պայրամովի մասնակցութիւնը Անթալիոյ դիւանագիտական ​​ֆորումին: Ան ֆորումին ելոյթ կ՚ունենայ, ինչպէս նաև երկկողմ հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան:

Նշենք, որ Անթալիա կը մեկնին նաև ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը: