Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ հաստատեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան տարածաշրջանային խաղաղութիւնը ո՛չ Փարիզի, ո՛չ Պրիւքսէլի մէջ է, ոչ ալ ուրիշ տեղ, այլ անիկա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ է, առ այդ, անիկա պէտք է կնքուի երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք պէտք է «միաւորուին եւ յառաջ տանին խաղաղութեան օրակարգը»՝ աւելցնելով, որ փաստաթուղթը պէտք է ստորագրուի սահմանազատման գործընթացէն անկախ։
Հաճիեւ նոյն հարթակէն յայտարարեց, որ հակամարտութիւնը այլեւս անցեալ է, Պաքուի համար Ղարաբաղի հարց այլեւս գոյութիւն չունի, եւ այժմ Ատրպէյճանի օրակարգին վրայ են խաղաղութիւնը եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը:

«Ղարաբաղի նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութենէն ետք, հայ բնակչութեան իրաւունքներու հարցը իւրովի լուծելէ կամ ընդհանրապէս փակելէ ետք, սակայն, հայկական կողմէ՝ Պաքուի պահանջները չեն նուազիր», ըսաւ ան:
Ըստ Հաճիեւի՝ ատրպէյճանական կողմը այժմ եւս խաղաղութեան խոչընդոտ կը նկատէ Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ այլ օրէնքներու մէջ եղող կարգ մը դրոյթներ, որոնք, ըստ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու, Պաքուի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կ՛ենթադրեն: Հաճիեւ յայտարարեց, որ այդ հարցով Հայաստանէն պատասխանի կը սպասեն։
Քննարկման մասնակցող Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան իսկոյն պատասխանեց: Թէեւ Պաքուի այդ դժգոհութիւններուն եւ պահանջներուն լոյսին տակ Հայաստանի իշխանութիւնը սկսաւ խօսիլ երկրի մայր օրէնքը փոխելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն Ռուբինեան պնդեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, օրէնսդրութիւնը Հայաստանի ներքին գործերն են եւ որեւէ կապ չունին խաղաղութեան գործընթացին հետ:
Ռուբինեան յիշեցուց, որ պաշտօնական Երեւան, նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բերնով բազմիցս յայտարարած է, որ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Աւելին` ան պնդեց, որ տարածքային նկրտումները նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի դրոյթներով կը բացառուին։ Օրէնսդրութիւնը վերջին հարցը չէ, որմէ կը դժգոհի Ատրպէյճան, այլ այն, որ Երեւան խաղաղութեան բանակցութիւններուն զուգահեռ կը զինուի:
«Հայաստան ընդամէնը կ’ամրապնդէ իր պաշտպանութիւնը, քանի որ անվտանգութեան հետ կապուած մտավախութիւններ ունի՝ Ատրպէյճանի պատճառով», արձագանգեց Ռուբինեան` նկատել տալով, որ՝ ի տարբերութիւն Երեւանի, Պաքու ձեռք կը բերէ պաշտպանական սպառազինութենէն բացի նաեւ այլ զինամթերքներ:
Հաղորդուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Թուրքիոյ ռազմարդիւնաբերութեան գործակալութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնի հանդիպման մասին, որուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

Հակառակ Պաքուի հետ ռազմական ոլորտին մէջ ընդլայնուող համագործակցութեան՝ Անգարա կը վստահեցնէ, որ անկեղծ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գծով:

Ռուբինեան նաեւ հաստատեց, որ Հայաստան երբեք համաձայնութիւն չէ տուած Ատրպէյճանին արտատարածքային միջանցք տրամադրելու:
«Հայաստանի դիրքորոշումն այն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութութիւններու ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ երկրների ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով: Սա շատ պարզ է, մենք համաձայն ենք, որ Ատրպէյճանի նախագահը սրան համաձայն է, մենք սա կը դնենք թուղթի վրայ եւ կ’իրականացնենք», ըսաւ Ռուբինեան։
Ըստ անոր՝ երբեմն կան եզրեր, որոնց օգտագործումը ցոյց կու տայ զայն որդեգրողներուն իրական մտադրութիւնները: «Օրինակ, ինչո՞ւ Հայաստանը որոշած է տարածաշրջանի յարաբերութիւնները ապաշրջափակելու իր նախաձեռնութիւնը անուանել «Խաղաղութեան խաչմերուկ»: Որովհետեւ մենք կ’ուզենք, որ մեր տարածաշրջանը խաղաղութեան խաչմերուկ ըլլայ: Ատրպէյճանը կը շարունակէ օգտագործել «Զանգեզուրի Միջանցք» եզրը: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին «Զանգեզուր» անունով տարածքային միաւոր չկայ, եւ Հայաստանը երբեք չէ համաձայնած Ատրպէյճանին արտատարածքային միջանցք տալուն», նշեց Ռուբինեան։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Անգարայի բանագնաց Սերտար Քըլըչ դիտել տուաւ, որ «Ռուբէնը եւ Հիքմէթը լսելով` յստակ կը դառնայ, թէ որքան զգայուն է իրավիճակը եւ դժուար են բանակցութիւնները»:
«Փորձերը` լուծումներ պարտադրել տարածաշրջանին մէջ դուրսի ուժերու կողմէ, անարդիւնաւէտ են», յայտարարեց Քըլըչ` զարգացնելով մասնաւորաբար ատրպէյճանցի պաշտօնեային արտայայտած միտքը: