ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռենտ Փօլ դատապարտած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէն F-16-երու օգտագործումը 2020 թուականին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակումներուն: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը:

Ծերակուտականը կոչ ուղղած է ընդունելու բանաձեւը՝ Թուրքիոյ կառավարութեան F-16-երու եւ պաշտպանական այլ ապրանքներու վաճառքի համար Քոնկրէսի անհամաձայնութեան մասին:
Թուրքիոյ F-16-ի վաճառքը արգելափակելու բազմաթիւ պատճառներով Փօլը յիշեցուցած է Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պնդումը, որ 29 Սեպտեմբեր 2020-ին թրքական F-16-ը Հայաստանի օդային տարածքին խոցած է հայկական ՍՈՒ-25 ինքնաթիռ։ «Թուրքիան սերտօրէն կանգնած է իր դաշնակից Ատրպէյճանի կողքին՝ տարածաշրջանը իրեն հպատակեցնելու իր ջանքերուն՝ տրամադրելով մարտական անօդաչու թռչող սարքեր, զինուորական թեքնիք, ուսուցում եւ, եթէ հաւատալու ըլլանք Հայաստանի կառավարութեան, ուղղակիօրէն մարտական աջակցութիւն։ Ուրեմն մեր ինքնաթիռները՝ F-16-երը, որ կու տանք թուրքերուն, փաստօրէն կ’օգտագործուին Հայաստանի հետ մէկ այլ պատերազմին», ըսած է ծերակուտականը:
Ան շեշտած է, որ 2020-ի պատերազմին եւ 2023-ին Ատրպէյճանի հետագայ զինուորական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած են հազարաւոր մարդիկ, ստեղծուած է մարդասիրական աղէտ՝ ստիպելով աւելի քան 100 հազար մարդ տեղահանուիլ:
Ծերակուտական Փօլի բանաձեւը ստացած է երկկուսակցական աջակցութիւն ծերակուտականներէն: Բանաձեւը, սակայն, ընդունուելու համար բաւարար ձայներ չէ ստացած։