Իրանի մէջ առաւօտեան ժամը 8։00-էն սկսած են խորհրդարանի 12-րդ գումարումի եւ Առաջնորդութեան Բանիմացներու խորհուրդի 6-րդ գումարման ընտրութիւնները։ Երկրի ամբողջ տարածքին կը գործէ շուրջ 60 հազար ընտրատեղամաս։

Խորհրդարանի ձեւաւորումը տեղի կ’ունենայ մեծամասնական ընտրակարգով։ ԻԻՀ-ի ((Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան) Սահմանադրութեան համաձայն, բոլոր մակարդակի ընտրութիւններն ու հանրաքուէն կ’իրականացնէ Ներքին Գործոց նախարարութիւնը, իսկ վերահսկողութիւնը՝ Սահմանադրութեան պահապան խորհուրդը։ Ընտրողներու քուէաթերթիկները հիմնականօրէն կը հաշւուին ձեռքով, ուստի ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակումը կրնայ տեւել ընտրութիւններու օրուընէ մինչեւ երեք օր:

Ընտրելու իրաւունք ունի երկրի 87 միլիոն քաղաքացիներէն 61 միլիոն 172 հազարը, իսկ 3,5 միլիոն երիտասարդներ առաջին անգամ պիտի կարենան մասնակցիլ ընտրութիւններուն։

Իրանի խորհրդարանը ունի 290 տեղ, իւրաքանչիւր տեղի համար կը պայքարին աւելի քան 52 թեկնածու։ Միայն մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ պատգամաւորական մանդատ ստանալու համար կը պայքարին 3848 թեկնածու, իսկ ընդհանու թեկնածուներուն թիւը 15.000-էն աւելի է։
Իսլամական Խորհրդարանին մէջ իրանահայութիւնը եւս ունի երկու պատգամաւոր ընտրելու կարելիութիւն՝ մէկը որպէս Թեհրանի եւ հիւսիսային, իսկ միւսը Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր։ Այս ընտրութիւններուն մէջ ներկայացուած են 7 թեկնածուներ։

Թեհրանի եւ հիւսիսային Իրանահայութեան ընտրամսի մէջ ներկայ են 4 թեկնածուներ՝ Արա Շահուերդեան, Ալեքս Կարապետեան, Ժոզէֆ Ամիրեան եւ Սևան Սոհրային: Իսկ Սպահանի եւ հարաւային Իրանահայութեան ընտրամասի մէջ թեկնածութիւն առաջադրած են 3 թեկնածուներ՝ Գեղարդ Մանսուրեան, Արման Յովսէփ եւ Էմին Յովսէփ: