Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար Մուհսէն ապտըլ Քարիմ Ալի բացումը կատարեց «Յասմիկն ու Կաղնին» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի երրորդ շրջանին, Հալէպի «Շիրաթօն» պանդոկի սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ Հալէպի առեւտրական գրասենեակի գործարար կիներու յանձնախումբին, ներկայութեամբ նախարար Ապսըլ Քարիմ Ալիի, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի, հոգեւոր պետերու եւ Հալէպի առեւտրական գրասենեակի ներկայացուցիչներու։

Կազմակերպող մարմնին հրաւէրին ընդառաջելով, ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանն ու իրեն ընկերակցող ազգային պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝
Առաջնորդի օգնական Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Ազգ. Վարչութեան եւ առեւտրական գրասենեակի անդամ Յարութ Չամիչեան։

4-օրեայ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն շուրջ 200 գործարար կիներ, որոնց կարգին հալէպահայեր, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ձեռարուեստի եւ «Փեթակ»-ի, Աշխատանոցի եւ «Շիրակ» Պաշարի Տան յանձնախումբերը՝ իրենց այլազան արտադրանքով, ազգային ձեռագործներով, ուտեստեղէնով, զարդեղէնով եւ այլն։

Նախարարն ու նահանգապետը այցելեցին ցուցահանդէսի բոլոր տաղաւարները։
Նախարարը յայտնեց, որ Սուրիոյ Ներքին Առեւտուրի Նախարարութիւնը կը ջանայ զօրավիգ կանգնիլ ցուցահանդէսի մասնակիցներուն։ Ապա անդրադարձաւ ցուցահանդէսի կարեւորութեան, նկատի ունենալով տնտեսվարական փոքր ծրագիրները խրախուսելու նախարարութեան նախանձախնդրութիւնը, աւելցնելով, որ Սուրիոյ պետութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ այսպիսի ծրագիրներու՝ պետական տարբեր հաստատութիւններու ճամբով նման առիթներ ընձեռելով անոնց։

Սրբազան հայրն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելելով բոլոր տաղաւարները գնահատեցին բոլոր մասնակիցներուն թափած ճիգն ու ստեղծագործական աշխատանքը։