Հինգշաբթի, 29 Փետրուար 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասի նորանշանակ վարչութեան, որուն կ՚ընկերակցէր թաղական խորհուրդի անդամ տիար Յակոբ Փայասեան։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, դպրաց դասի վարչութեան ատենապետ տիկ. Սիւզի Պետրոսեան անդրադարձաւ յառաջիկայ շաբաթներու եկեղեցական արարողութիւններուն դպրաց դասի պատրաստուածութեան։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով շնորհաւորեց դպրաց դասի անդամները, գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ թաղական խորհուրդին գլխաւորութեամբ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութիւններուն։