Պաղեստինի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իսրայէլի բռնագրաւեալ ուժերը վերջին 24 ժամուան ընթացքին 10 կոտորած իրագործեցին աղէտեալ Կազզայի հատուածին մէջ, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան 92 նահատակներ ու 156 վիրաւորներ։ Ցարդ արձանագրուած նահատակներուն թիւը, ըստ նախարարութեան, հասած է 30.320-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 71.533-ի։