Մոսկուա կը սպասէ, որ Երեւան վերջնականապէս յայտարարէ իր որոշումը ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութեան գծով: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Կը սպասենք, որ բոլորիս պաշտօնապէս հաստատեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վերջնական որոշումը, կ՛ըսեն` այստեղ տէ ֆաքթօ պիտի սառեցնենք ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը, սակայն եթէ ուզենք` տէ ժիւրէ պիտի սառեցնենք, տէ ժիւրէ դուրս պիտի գանք, ԵԱՏՄ-ն մեզ առայժմ կը հետաքրքրէ, որովհետեւ մենք այնտեղէն կը ստանանք», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ատիկա «ոչ այնքան գեղեցիկ պատկեր» կոչած է:

«Մենք իսկապէս պիտի փափաքէինք, որ մեր հայ գործընկերները իրենք որոշէին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզեն շարունակել ապրիլ եւ գործադրել փոխադարձ հիմերով այն համաձայնագրերը, որոնք մեզ կը միաւորեն համարկման տարբեր կառոյցներու մէջ», ըսաւ ան:

«Հայաստանի մէջ, չես գիտեր ինչու, կը կարծեն, որ պէտք է կեանքը կառուցել ոչ թէ մերձաւոր դրացիներու եւ պատմականօրէն համերաշխ ժողովուրդներու հետ, այլ անոնց հետ, որոնք դէմ են իրենց բարեկամներուն», ըսաւ Լաւրով:

Անոր համաձայն, Երեւան որոշած է գրաւ դնել արտաշրջանային երկիրներու վրայ, որոնք զինք կը սիրաշահին, որպէսզի Հայաստան խզէ Ռուսիոյ հետ կապերը:

«Մենք կը ցաւինք, որ հայկական ղեկավարութիւնը փաստացի գիտակցուած որոշում տուած է եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն վատթարացնելու ուղի ընտրած է` Ռուսիան մեղադրելով այն ամէնի մէջ, ինչ որ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Ի հարկէ ատիկա դաշնակցային չէ», յայտարարեց Լաւրով:

Ան յիշեցուց, որ ինքնին Ռուսիան կանգնեցուցած է Արցախի մէջ պատերազմը, որ կրնար աւելի կանուխ կանգ առնել:

«Բացի այդ, կան յերիւրանքներ, որոնք ես մէջբերած եմ հայ պաշտօնատարներու խօսքերէն, թէ ինքնին Ռուսիան Ատրպէյճանը դրդած է պատերազմ սկսելու 2020 թուականի Սեպտեմբերին:

«Ասոնք անշնորհակալ գնահատականներ են, որովհետեւ ինքնին Ռուսիան կանգնեցուցած էր այդ պատերազմը եւ կրնար կանգնեցնել զայն շատ աւելի առաջ, երբ ատրպէյճանցիները տակաւին չէին գրաւած Շուշին, սակայն այն ժամանակ Նիկոլ Վովայի Փաշինեանը Վլատիմիր Փութինի կոչին ի պատասխան ըսաւ` ո՛չ, մենք մինչեւ վերջ պիտի կռուինք», յիշեցուցած է Լաւրով: