Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նասեր Քանաանի վերահաստատած է իրանական կողմին այն դիրքորոշումը, որ իրենց համար անընդունելի է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն, որ կը յանգեցնէ տարածաշրջանի միջազգային սահմաններու փոփոխութեան:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով՝ այս մասին կը յայտնէ ISNA գործակալութիւնը՝ մեջբերելով խօսնակին պատասխանը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հնչած այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին առնչուող հարցումին:

«Իրանի դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ բազմիցս յայտարարուած է: Այդ դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն չէ եղած ու պիտի չըլլայ», յայտնած է Քանաանի: