2014-ի տեղահանութիւնը, հայաւան Քեսապի համար անկիւնադարձային ու ճակատագրական տարեթիւ մը դարձաւ: Հոն տեղի ունեցան հիմնական փոփոխութիւններ տարբեր մարզերու մէջ: Քեսապ տեղահանութենէն առաջ եւ տեղահանութենէն վերջ նոյնը չէր:
Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ Քեսապի ընկերային կեանքին կրած հիմնական փոփոխութիւններուն:
2014-ի տեղահանութենէն ետք, Քեսապի գլխաւոր ու հիմնական դժուարութիւններէն մէկն էր երիտասարդութեան գաղթը: Երիտասարդութեան նկատառելի մէկ մասը հաստատուեցաւ Հայաստան եւ ոմանք այլուր, երբեմն անցնելով ովկիանոսէն անդին: Անոնք գաղթի ճամբան բռնեցին՝ ուսման, զինուորական ծառայութենէն զերծ մնալու, ապահովութեան որոնման, անգործութեան առաջքը առնելու եւ ընկերային կեանքի փնտռտուքի տարբեր
պատճառներով:
Հանդերձ ընտանեօք գաղթողներ ալ եղան, երբեմն դէպի հայրենիք ուղղուելով, երբեմն՝ արեւմտեան երկիրներ:
Քեսապահայութեան թիւի նօսրացումին հետ, շատ մը դժուարութիւններ երեւան եկան: Քեսապի հայկական դիմագիծը զգալիօրէն նահանջեց, ինչ որ ժխտական հոգեվիճակ ստեղծեց Քեսապի մէջ ապրողներուն համար:
Քեսապ հայաւանի բնակչութիւնը իր բարքերով ու սովորութիւններով կը զատորոշուէր այլ գաղթօճախներու հայորդիներէն: Այսօր անոնց տեղ տարբեր բարքեր ու սովորութիւններ ներմուծուած են այստեղ:
Բնականաբար անցեալի բարքերն ու սովորութիւնները նոյնը պիտի չմնային ու անշուշտ կեանքի ընթացքին փոփոխութեան պիտի ենթարկուէին: Սակայն այդ փոփոխութիւնները արագացման ենթարկուեցան վերջին տասնամեակին: Արդեօք ընկերային ցանցերուն ստեղծած մթնոլորտի՞ն, թէ երկրին տագնապալի պայմաններուն ազդեցութեան տակ տեղի ունեցան այս բոլորը…:
Անցեալի բարքերն ու սովորութիւնները այլեւս գրաւիչ չեն թուիր նոր սերունդին: Անոնց տեղ որդեգրուեցան նոր բարքեր ու սովորութիւններ:
Քեսապի ինքնութեան երեսներէն շատ կարեւոր արժէք մըն ալ խաթարուեցաւ. ատիկա Քեսապի բարբառն էր՝ «Քեսպընօքը»:
Այսօր նոր սերունդի փոքրերուն կամ երիտասարդներուն մէջ հազուագիւտ են անոնք, որոնք իւրացուցած են Քեսապի բարբառը, կամ անոնք, որոնք հարազատօրէն կը խօսին Քեսապի բարբառով: Կար ժամանակ, երբ մեր վարժարաններուն մէջ կ’արգիլուէր «քէսպընօք»-ը խօսիլ, որովհետեւ շատերու ընտանիքներուն մէջ «հայերէն լեզուի» գործածութիւնը զիջած էր բարբառին:
Սակայն մետաղեայ դրամին երկրորդ երեսն ալ պէտք է տեսնել: Հակառակ այս ստեղծուած բոլոր դժուարութիւններուն, այնպիսի լաւ ու յուսադրիչ երեւոյթներ կան, որոնք արժանի են միայն բարձր գնահատանքի:
Քեսապի մէջ տակաւին բոլոր միութիւնները կը գործեն, հակառակ անոր որ անոնց մէջ գործող անհատները ծանրաբեռնուած են մէկէ աւելի պաշտօններով ու աշխատանքներով՝ մարդուժի սակաւութեան հետեւանքով, այդուհանդերձ անոնք սիրով ու ջանասիրութեամբ այդ աշխատանքի քաղցր լուծը յառաջ կը տանին:
Ուրեմն այդ միութիւնները իրենց գործերը յառաջ պէտք է տանին համագործակցութեամբ ու ներդաշնակութեամբ,
Քեսապի ընկերային կեանքը կազմող հարստութիւններուն տէր կանգնին, կամ զանոնք կեանքի կոչեն՝ գէթ եղածը կորուստէ փրկելով:
Կեանքի այս փուլին ապրելու համար յոյսի ու կամքի կարիք ունինք: Պէտք է տոկալ ու քաջութեամբ դժուարութիւնները յաղթահարել, չյանձնուիլ օրուան ստեղծած պայմաններուն՝ Սուրիական Հայրենիքի տագնապին, տնտեսական եւ կենցաղային դժուարութիւններուն, երկրաշարժի ստեղծած սարսափի եւ վախի հոգեվիճակին:
Այս բոլորը անցողիկ են: Հողին կառչած մնալու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք, ուստի պէտք է պայքարիլ ու չնահանջել:
Սեւան Ա. Մանճիկեան