Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Չորեքշաբթի, 6 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, յետ արեւագալի ժամերգութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը միջինքի առիթով նախաճաշ կազմակերպեց, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, թաղականութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անահիտ Թէոքմէճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ ակնարկով մը անդրադարձաւ միջինքին որպէս հայկական աւանդութիւն եւ հրաւիրեց Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Շուշան Արթինը, որ հետաքրքրական գիտելիքներով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց։

Ընթացքին, Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով մը յիշատակեց Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 127-ամեակը:

Աշակերտուհիներ Բարտի Շիրիքճեան եւ Ռիթա Յովհաննէսեան ներկայացուցին Չարենցի կենսագրականը, ապա Կայէլ Սարգիսեան, Քարէն Թովմասեան, Աննա Ազիզեան եւ Մարիամիկ Կարապետեան Չարենցի բանաստեղծութիւններէն համադրում մը ասմունքեցին, որմէ ետք «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»-ն մեներգեց Նաթալի Թահանը։

Արժ. Քահանայ հայրը իր խօսքով գնահատեց տիկնանց կազմի ժրաջան աշխատանքը եւ իրենց անխոնջ ու անսակարկ նուիրումը եկեղեցւոյ։
Հուսկ, հայր սուրբը բարեբեր տարի մաղթեց բոլորին`անփորձանք եւ խանդավառ դիմաւորելու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը։

Վանա Կիրակոսեան