Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2024-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ ճար­տա­րար­ուես­տի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Հա­լէ­պի ճար­տա­րար­ուես­տի գրասենեակի Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Սայիտաթ ալ-Շահպաա» ցուցահանդէս-վաճառքի բացման արարողութեան, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու խումբին հետ, «ալ-Շահպաա Ռոզ» համալիրի «ալ-Շարք» ցու­ցաս­րա­հէն ներս։
Պաշտօնական խումբին մաս կը կազմէին Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ, Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Մանսուր, Հալէպի ճարտարարուեստի գրասենեակի նա­խա­գահ երկրչփ. Ֆա­րէս ալ-Շա­հա­պի եւ պետական պատասխանատուներ։
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Հալէպի առեւտրական գրասենեակի անդամ տիար Յարութ Չամիչեան, որոնք ջերմապէս դիմաւորուեցան Հա­լէ­պի ճար­տա­րար­ուես­տի գրասենեակի Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բի ատենապետ երկրչփ. Անի Մարկոսեան֊Ասլանեանի եւ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ, որոնց մէջ կը գտնուի նաեւ Թալին Միկրոյեան-Ալեքսանեան։

Ցուցահանդէսին նպատակն է սուրիացի տիկիններուն առիթ ըն­ծա­յել՝ ցու­ցադ­րե­լու եւ վա­ճա­ռե­լու իրենց ար­տադ­րութիւնները, որ­պէս­զի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ կարողանան նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ իրենց ընտանիքներուն։

Սրբազան Հայրը շրջելով ցուցահանդէսի տաղաւարները, քաջալերեց եւ գօտեպնդեց մասնակիցները, որոնց կարգին կը գտնուին նաեւ հայորդիներ։