Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, որ այսօր՝ 7 Մարտին, Երեւանի դիւանագիտական դպրոցէն ներս Սուրիոյ դիւանագիտական ուսումնարանին եւ Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցին միջեւ փոխըմբռնումի յուշագիր մը ստորագրուած է։ Սուրիական կողմէն յուշագիրը ստորագրած է ուսումնարանի տնօրէն, դեսպան դոկտ. Իմատ Մուսթաֆա, իսկ հայկական կողմէն՝ դպրոցի տնօրէն, դեսպան Վահէ Գաբրիէլեան։
Ստորագրման արարողութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի վարչութեան տնօրէն, դեսպան դոկտ. Արսէն Առաքէլեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ դեսպանատան անդամներ։
Փոխըմբռնումի յուշագիրը երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած առաջին փաստաթուղթն է, որ կը նախատեսէ երկու հաստատութիւններու համագործակցութիւնը՝ դասընթացքներու կազմակերպման եւ փորձառութեան ու դասախօսներու փոխանակման միջոցով։ Սուրիոյ դիւանագիտական ուսումնարանի տնօրէն, դեսպան Իմատ Մուսթաֆա արարողութենէն ետք դասախօսած է հայկական դիւանագիտական դպրոցի ուսանողներուն եւ սուրիացի դիւանագէտներուն՝ Մերձավոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցը 29 Փետրուարէն 14 Մարտ Սուրիոյ դիւանագիտական ուսումնարանի խումբ մը դիւանագէտներու համար կազմակերպած է վերապատրաստման դասընթացք ։