Ատրպէյճանի պետական վարչակարգը բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ կը շարունակէ ոչնչացնել պատմաճարտարապետական յուշարձաններ։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայքի մշակոյթի Պահպանման կազմակերպութեան անդամ Յովիկ Աւանէսով:

«Ատրպէյճանցի զաւթիչները ոչ միայն շինարարական ծանր ճարտարագիտութիւն օգտագործելով քանդեցին Արցախի Ազգային Ժողովի շէնքը եւ Ազատամարտիկներու Միութեան գրասենեակը այլ նաեւ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ գտնուող պատկերաքանդակները։

Այս ամէնը անգամ մը եւս կ’ապացուցէ, որ Ատրպէյճան պետական մակարդակով բռնագրաւուած Արցախի մէջ կ’իրականացնէ մշակութային ցեղասպանութիւն։
Ըստ «Զինեալ հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Լա Հէյի համաձայնութեան 4-րդ յօդուածին, արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ պղծումի, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեհարդարի որեւէ գործողութիւն։ Լա Հէյի 1954 թուականի առաջին արձանագրութիւնը կ’արգիլէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքներ», գրած է ան։