Տնտեսութիւնը պետութեան մը զարգացման գլխաւոր գործօններէն մէկն է, որ կ’երաշխաւորէ ընկերութեան կայունութիւնը եւ բարօրութիւնը:
Երկրի մը տնտեսութեան մաս կը կազմեն անոր ընդերքը, բնական հարստութիւնները, արտադրութիւնները, դրամանիշը, ճարտարագիտութիւնը եւ այլն:
Յաճախ պատերազմներ տեղի ունեցած են տնտեսութիւնը թիրախ դարձնելով, ըլլան անոնք դասական կամ տնտեսական պատժամիջոցներ, շրջափակում, դրամատուներու հետ յարաբերութեան խզում, երկրէն դուրս գտնուող դրամագլուխի սառեցում եւ այլն:
Սուրիան պատմութեան ընթացքին եղած է հարուստ երկիրմը՝ իր բնութեամբ եւ կարեւոր աշխարհագրական դիրքով: Ան կամրջած է Արեւելքն ու Արեւմուտքը եւ դարձած առեւտուրի հիմնական ճանապարհներէն մէկը:
Սուրիոյ տնտեսութիւնը նախքան 2011-ի պատերազմը կը յատկանշուէր ընդհանրապէս երրորդ երկիրներու տնտեսական յատկանիշներով եւ առաջնորդուած էր ընկերվարական սկզբունքներով, մանաւանդ անցեալ դարու ութսունական թուականներուն, երբ երկիրը կը դիմագրաւէր տնտեսական շրջափակում եւ ճգնաժամ: 2000 թուականէն ետք, տնտեսական աճը պետութեան առաջնահերթութիւններու ցանկին մէջ աւելի բարձր դիրք գրաւեց:
Տեղի ունեցան կարգ մը տնտեսական բարեկարգումներ, ինչպէս սեփական դրամատուներու գործելը Սուրիոյ տարածքին եւ նոր օրէնքներու որդեգրումը, որոնք կը քաջալերէին օտար դրամագլուխներու ներդրումը Սուրիոյ մէջ: Այս բոլորին արդիւնքով Սուրիոյ տնտեսութիւնը աճ արձանագրեց եւ Սուրիոյ դրամանիշը՝ լիրան, բաւական կայուն վիճակի մէջ մնաց:
Սակայն 2011-ի պատերազմը այս աճը եւ զարգացման ընթացքը շրջեց եւ տարիներու աշխատանքի արդիւնքով արձանագրուած ձեռքբերումները շոգիացան, իսկ Սուրիոյ տնտեսութիւնը ապրեցաւ ու կ’ապրի իր ամէնէն դժուար օրերը:
Առաջին հերթին դադրեցաւ զբօսաշրջութիւնը, որ կը կազմէր Սուրիոյ տնտեսութեան 15 առ հարիւրը, ետքը բոլոր օտար ներդրումները Սուրիոյ մէջ կասեցուեցան ու յառաջացաւ օտար դրամանիշի պահանջքի խնդիր, հետեւաբար ալ սուրիական լիրան սկսաւ հետզհետէ կորսնցնել իր արժէքը եւ գնաճի մակարդակը բարձրանալով հասաւ մինչեւ 140 առ հարիւրի:
Պատերազմին վրան աւելնալու եկան տնտեսական պատժամիջոցները, պսակաձեւ ժահրի համաճարակը, Ուքրանիոյ պատերազմը, երկրաշարժը եւ վերջապէս Կազզայի պատերազմը, որոնք աւելի ծանրաբեռնեցին Սուրիոյ տնտեսութիւնը, որ արդէն հակակշռելի չէր կառավարութեան կողմէ:
Վատ վիճակի մէջ են երկրի հիմնական ենթակառոյցները՝ ելեկտրականութեան, ջուրի մատակարարում, հաղորդակցութեան միջոցներ, փոխադրամիջոցներ, պետական ծառայողական հաստատութիւններ:
Ներկայիս տնտեսական վիճակը կը տարբերի նահանգէ-նահանգ: Մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տնտեսութիւնը աւելի լաւ վիճակ կը պարզէ համեմատաբար: Հակառակ անոր, որ Դամասկոսի մէջ սղաճը  բարձրագոյն տոկոսը ցոյց կու տայ, սակայն գործարաններն ու փոքր մակարդակի աշխատանքները աւելի լաւ վիճակի մէջ են, այլ նահանգներու հետ համեմատած, իսկ արեւելեան նահանգները, որոնք կառավարութեան հակակշռէն դուրս են, բացուած են դրացի երկիրներու եւ անոնց շուկաներու հետ յարաբերութիւններ կը մշակեն ու օտար դրամանիշով առեւտուր կ’ընեն:
Հալէպը, որ ճանչցուած է իբրեւ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը, ստացաւ իր տնտեսութեան մեծագոյն հարուածը: Ան ունէր շրջանի երկիրներուն մէջ մեծագոյն արդիւնաբերութեան գօտիներէն մէկը, որ կը յատկանշուէր այլազան գործարաններով, որոնք իրար կ’ամբողջացնէին, իսկ արտադրութիւնը կը կատարելագործուէր անոր սահմաններուն մէջ, առանց կարիք ունենալու այլ արդիւնաբերութեան գօտիներէ կամ այլ երկիրներէ որեւէ նիւթի: Այս գործարաններու մեծամասնութիւնը կողոպտուեցաւ, մանաւանդ թրքամէտ խմբաւորումներու կողմէ, Թուրքիոյ դրդումով:
Ներկայիս արդիւնաբերութիւնը նուազագոյնի հասած է Հալէպի մէջ, չըսելու համար ոչնչացած է, որովհետեւ հում նիւթի չգոյութիւնը կամ գոյութեան պարագային իր բնական գինէն աւելի բարձր ըլլալը կը ստիպէ գործարարը, որ ապրանքին գինը բարձրացնէ, սակայն մատչելի չըլլար հասարակութեան համար եւ իր մրցակցութիւնը կը կորսնցնէ շրջանի այլ շուկաներու արտադրութեան հետ: Աւելին. գործարարին դէմ բազմաթիւ խոչընդոտներ կան եւ ան յաւելեալ տուրք կը վճարէ հում նիւթ ներմուծելու ու արտադրելու համար: Ասոնց կողքին շահատուրքը եւ մաքսատուրքը աւելի կը ծանրաբեռնեն գործարարն ու վաճառականը: Անշուշտ այս բոլորը կ’ենթադրեն արդիւնաբերութեան որակի անկում:
Տնտեսութիւնը կառուցելն ու զարգացնելը երկար տարիներու աշխատանք կ’ենթադրէ, սակայն տնտեսութիւնը քանդելը՝ շատ աւելի կարճ ժամանակ: Յստակ է, որ Սուրիան իր սեփական ուժերով առանձին չի կրնար վերականգնել այս տնտեսական վիճակը, իսկ եթէ չըլլան արտաքին օժանդակութիւններ, վերականգնումը կ’երկարի տասնեակ տարիներ:
Սուրիական դրամանիշի՝ լիրայի, անկումը աւելի արագ է քան պաշտօնէութեան  ամսական թոշակները աւելցնելու կառավարութեան կարողականութիւնը, իսկ կառավարութեան հիմնական մուտքի աղբիւրները կը մնան շահատուրքն ու մաքսատուրքը: Այս շղթային մէջ պետական պաշտօնեան կը մնայ տկարագոյն օղակը, որուն միջին աշխատավարձը կը հասնի լաւագոյն պարագային երեսուն ամ. տոլարի: Համաձայն կարգ մը սերտողութիւններու, Սուրիոյ ժողովուրդի 90 առ հարիւրը կը մնայ աղքատութեան շեմէն վար: Ըստ ՄԱԿ-ի չափանիշներուն, մարդու օրական եկամուտը պէտք է ըլլայ նուազագոյնը 1,9 ամ. տոլար, որ կը համապատասխանէ ամիսը յիսունեօթ ամ. տոլարի:
Սուրիոյ մեծագոյն վնասը կը մնայ իր մարդուժի գաղթը դէպի այլ երկիրներ, որուն ներկայութիւնը ճգնաժամէն ետք անհրաժեշտ է վերականգնումի աշխատանքին համար:
Իսկ Սուրիոյ հայութիւնը ո՞ւր է այս բոլորէն: Անշուշտ իբր Սուրիոյ ընկերութեան անբաժան մասնիկը, հայութիւնն ալ, ինչպէս բոլորը, նոյն վնասները կրեց:
Գաղութի թիւը նօսրացաւ: Մեծ թիւով հայորդիներ գաղթած են, անոնց հետ գաղթած է որակի կարեւոր բաժին մը: Ծննդաբերութեան համեմատութիւնը նուազած է: Գործարարները փակած են իրենց գործարանները: Ժողովուրդին մեծ մասը կ’ապրի բաժնուած օժանդակութիւններուն եւ դուրսէն եկած գումարներուն վստահելով: Պաշտօնեաներուն ամսականները (միջին ամսականը, որ 30 ամ. տոլար է), հազիւ կը բաւարարեն ընտանիքի  քանի մը օրուան ծախսերը:
Գաղթի արագընթաց երթը հաստատութիւններու եւ միութիւններու մարմիններուն մէջ ստեղծած է կարգի եւ փորձառութեան փոխանցման բնական եղանակի խախտում, որուն հետեւանքով այնտեղ ստեղծուած է թուլութիւն եւ փորձառու անհատներու թիւի նօսրացում: Տրամադրուած պիւտճէները բաւարար չեն ծրագիրներու իրականացման համար, իսկ կատարուած ծրագիրները բաւարար չեն եղածը պահելու համար: Հիմնական հարցումը, որ կը մնայ հետեւեալն է. Արդեօ՞ք մենք կարողութիւն ունինք եղած վիճակը հակակշռելու: Թէեւ Սուրիոյ կառավարութեան հասած օժանդակութիւնները, որոնք կը տրամադրուին կարգ մը բարեկամ երկիրներու կողմէ, սահմանափակ են, սակայն համայնքներու տրամադրուած օժանդակութիւնները աւելի ազդեցիկ կրնան ըլլալ, որովհետեւ այս պարագային կան յստակ անուանացանկեր, որոնք բիւրեղացած են պատերազմի տարիներուն: Պատերազմի սկիզբը ցանկին մաս կազմող ընտանիքներուն թիւը շատ աւելի էր քան՝ այսօր, հետեւաբար ներկայիս կարելի է աւելի մեծ թիւով մարդոց օժանդակութեան հասնիլ:
Ծառայողական բնոյթ ունեցող հաստատութիւնները այս օրերուն պէտք է իրենց հասած նուիրատուութիւնները լիովին յատկացնեն ժողովուրդին՝ այդ գումարները բաժնելով երկու տեսակ ծրագիրներու, առաջինը՝ զուտ նիւթական օժանդակութիւններ, երկրորդը՝ հիմնելու ծառայողական բնոյթ ունեցող հաստատութիւններ, որոնք կրնան գործ հայթաթել երիտասարդութեան: Պէտք է ընդունիլ, որ այս գաղութի ապագան կը ճշդուի երիտասարդութեան պարզած վիճակին լոյսին տակ: Երիտասարդութիւնը, որ իր հետաքրքրութիւնները սկսած է որոնել այս երկրէն դուրս, որովհետեւ յոյսի նշոյլ չի տեսներ ներկայ վիճակի լայնամասշտապ բարեփոխման համար:
Հետեւաբար կարեւոր է տաղանդաւոր, փորձառու եւ իւրայատուկ ուժերուն տրամադրել համապատասխան պիւտճէ՝ պահելու զանոնք, որովհետեւ կորսուածը դժուար է կրկին գտնել: Պաշտօնեաներուն թոշակները պէտք է բաւարարեն ընտանիքի նուազագոյն կարիքները: Լքուած կառոյցները անհրաժեշտ է յարմար ձեւով շահարկել: Այս բոլորը իրականացնելու համար անհրաժեշտ է մէկդի դնել տարակարծութիւնները, մեր ուժերը համախմբել՝ միասնաբար յաղթահարելու այս դժուար պայմանները:
Յակոբ Քիլէճեան