«Սերկէյ Լաւրով այնպիսի սխալ յայտարարութիւններու հեղինակ է, ընդ որում նաեւ Արցախի առնչուած՝ կիրարկելով նոյն Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը, որ ես չեմ ալ ուզեր անդրադառնալ իր արտայայտութիւններուն»: Այս մասին 6 Մարտին Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ըստ էութեան, յայտարարած է, որ Հայաստան պէտք է կողմնորոշուի՝ կա՛մ մեզի հետ էք, կա՛մ մեզի հետ չէք, ընդդիմադիր պատգամաւորը ըսաւ. «Այդպիսի հարցադրումները պէտք է ուղղակի մերժուին: Հայաստան առարկայականօրէն չի կրնար այս շրջանին մէջ անտեսել Ռուսիոյ Դաշնութեան դերակատարութիւնը։ Սա կը նշանակէ թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին ճամբայ բանալ նոր արհաւիրքներու համար, ոչնչացնել Հայաստանը: Ես ոչ թէ Լաւրովի ըսած վերջնագիրի լեզուով կ՛ուզեմ արձագանգել, այլ նոյնինքն ան իրաւունք չունի վերջնագիր դնելու, ինքն ալ պէտք է հասկնայ, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները անձով պայմանաւորուած չեն։ Նիկոլ Փաշինեանը կամ իր խմբակն է իշխանութեան վրայ, թէ ոչ:
Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանի կամ հայ ժողովուրդի դիրքորոշումը հարցնել Նիկոլ Փաշինեանին։ Ես կը կարծեմ, որ սա նաեւ Ռուսիոյ համար ճիշդ մօտեցում չէ։ Ի՞նչ կը նշանակէ, կողմնորոշուեցէ՛ք՝ կա՛մ…, կա՛մ…»։
«Երբ Լաւրով կը հիմնաւորէ այս իշխանութիւններուն դաւաճանական գործողութիւնները, ատով ինք հայ ժողովուրդին կ՛օգնէ՞, թէ՞ ոչ», հարց տուաւ Մինասեան՝ նշելով, թէ անընդունելի են Լաւրովի այն յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանը անվերադարձ կորսնցուցած է Արցախը:
«Մենք տակաւին չենք յաջողած հանրային գիտակցութեան մէջ այնքան վստահութիւն ներշնչել, որ կարենանք այս իշխանութիւններէն ձերբազատիլ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան՝ աւելցնելով. «Երեւի այդ է պատճառներէն մեկը, որ կը շարունակուի այս իշխանութեան ապազգային, հակահայկական վարքագիծը»։
Մինասեանի համաձայն, այն, ինչ որ կ՛ընեն իշխանութիւնները, ուղղակի խայտառակութիւն է. «Հայաստանի անվտանգութիւնը անգամ մը եւս կը տեղափոխեն այնպիսի անբնականութեան դաշտ, որ որեւէ պահու բոլոր կողմերէն Հայաստանը հարուածներ կը ստանայ։ Ուղղակի թշնամացնել դաշնակիցը եւ, առհասարակ, զերոյացնել Հայաստանի անվտանգութեան արտաքին համակարգերը, կը նշանակէ, որ այս մարդիկ անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ ոչ միայն կապ չունին պետական կառավարման հետ, այլեւ նոյնիսկ բացարձակ կապ չունին հայ ժողովուրդի անվտանգութեան նուազագոյն երաշխիքներ ստեղծելու հետ»։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ վատ բան կայ, որ Հայաստանը զուգահեռաբար յարաբերութիւնները խորացնէ նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ, Արծուիկ Մինասեան ըսաւ. «Չկայ նման բան: Հայաստանը երկար տարիներ GSP+ համակարգի արտօնութիւններու համակարգին մէջ գործող պետութիւն է: Մենք այստեղ ունինք լուրջ սահմանափակումներ եւրոպական շուկաներուն մէջ: Եւրոպական տարբեր չափանիշները, նաեւ միջազգային մեծ խաղացողները ուղղակի ճամբայ չեն ձգեր, որ հայկական ապրանքները կամ ծառայութիւնները ազատօրէն մուտք գործեն այդ շուկաներ: Այսօր Հայաստանի շրջանառութեան հսկայական հատուածը կապուած է Ռուսիոյ հետ: Մոռնալ, անտեսել այս ամէնը եւ սին յոյսեր փայփայել եւրոպականացման գործընթացի մէջ, կը նշանակէ ուղղակի չհասկնալ, ապրիլ միայն սեփական բարեկեցիկ աշխատասենեակի մէջ, սեփական փոքր խումբի հետ վայելքներու մէջ: Սա կը նշանակէ, որ ոչ մէկ բանի դիմաց դուն կը փոխարինես քու քիչ թէ շատ եղած անվտանգութեան համակարգերդ», ըսաւ Մինասեան:
«Նիկոլ Փաշինեանի խմբակը ամէն գնով կը փորձէ Հայաստանը դարձնել գործիք Ռուսիա-Արեւմուտք առճակատման հարցերու լուծման ուղղութեամբ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան՝ աւելցնելով. «Սա ամէնէն վտանգաւոր գործընթացն է:
Կարելի չէ արհեստականօրէն ստեղծել իրավիճակ մը, երբ Ռուսիա Հայաստանը դիտարկէ իբրեւ թշնամի, կամ Իրան Հայաստանը դիտարկէ իբրեւ ոչ վստահելի դրացի պետութիւն եւ այլն: Հայաստանի իշխանութիւնը սկուտեղի վրայ մատուցած է Հայաստանը իբրեւ երկու կեդրոններու վէճի հարթակ, դաշտ: Ասկէ դուրս պէտք է գանք: Ինչո՞ւ արհեստականօրէն կը տանիս տեղ մը, ուր առիթ չունիս փրկուելու»: