«Արմէնփրէս» – Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին 7 Մարտին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի եօթերորդ հանդիպումը՝ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆաեւի նախագահութեամբ:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են սահմանազատման հարցերու շուրջ եւ սկսած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի միատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծի համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկած են սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգին մասին համապատասխան ուղեցոյցներու նախագիծերը։
Կողմերը պայմանաւորուած են սեղմ ժամկէտներու մէջ աւարտին հասցնել յանձնաժողովներու միատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծին համաձայնութիւնը:
Կողմերը պայմանաւորուած են նաեւ աշխատանքային կարգով նախանշել յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումի ամսաթիւն ու վայրը: