Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ Շաբաթ, 9 Մարտ 2024-ին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան առաջարկին ընդառաջելով, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ձեռամբ Կեդր. Վարչութեան ատենապետ ընկ. Զաքար Քէշիշեանի, Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրեց Սուրիոյ շրջանի վաստակաշատ համազգայնական ընկհ. Ֆիմի Տէր Յակոբեանը, Համազգայինի Քանատայի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպած Միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին, Քանատա։

Ընկհ. Ֆիմի Տէր Յակոբեան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամակցած է 1983-էն սկսեալ, մաս կազմելով «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղին եւ Պարարուեստի Յանձնախումբին, վարելով ատենապետի եւ այլ պաշտօններ։ Եղած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ։ Մասնակցած է 5-րդ եւ 6-րդ պատգամաւորական ժողովներուն, Պէյրութի մէջ։ 1996-2018 ուսումնական տարեշրջաններուն կամաւորաբար եւ սիրայօժար ստանձնած է Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի տնօրէնութեան եւ վարչական աշխատանքներու պատասխանատուութիւնը, կրթական կեանքէն ներս իր ունեցած փորձառութիւնը ի սպաս դնելով Հայագիտական Հիմնարկի կրթական գործունէութեան, բարձր պահելով հիմնարկին վարկը սուրիահայ համայնքէն ներս եւ այս ուղղութեամբ արժանանալով անվերապահ գնահատանքի։

2000-ին վկայուած է Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկէն։ Զանազան առիթներով յատուկ յուշանուէրներով եւ գնահատագրերով պարգեւատրուած է Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կողմէ։ 2018-էն սկսեալ կայք հաստատած է Քանատա։

Ընկերուհին համազգայնական ըլլալու կողքին եղած է վաստակաշատ կրթական մշակ, Ազգ. Հայկազեան վարժարանի աղջկանց բաժինի երկար տարիներու տնօրէնուհի եւ Հ.Օ.Մ.-ի ու Ս.Օ.Խաչի անձնուրաց անդամ։ Արժանացած է շարք մը շքանշաններու։

Սրտի անհուն ուրախութեամբ կը շնորհաւորենք ընկհ. Ֆիմի Տէր Յակոբեանը եւ քաջառողջ ու արեւշատ տարիներ կը մաղթենք անոր։

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն