«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները կը շարունակեն մարզային հանդիպումները: Հերթական հանդիպումը Արմաւիրի մարզի Արմաւիր գիւղին մէջ էր, հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, պատգամաւորներ Լեւոն Քոչարեան, Աղուան Վարդանեան, Աննա Գրիգորեան, Ագնեսա Խամոյեան, Գեղամ Մանուկեան, Աշոտ Սիմոնեան եւ ուրիշներ:
«Առանց չափազանցելու մեր երկիրը կանգնած է շատ ծանր եւ նոր մարտահրաւէրի առջեւ», Արմաւիրի մէջ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
«Այս իշխանութիւնները, որոնք խաբելով եկան իշխանութեան ղեկին, իրենց վարած գործունէութեան հետեւանքով Արցախի հայաթափումէն ետք Հայաստանը կանգնեցուցած են ծանր խնդիրներու առջեւ: Երկու տիպի մարտահրաւէր ունինք` արտաքին եւ ներքին: Արտաքին իմաստով թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը կը շարունակէ նախայարձակումը Հայաստանի նկատմամբ, արդէն բացայայտօրէն կը միջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն, ոչ միայն չկայ դիմադրութիւն, այլեւ Հայաստանի իշխանութիւնները հետեւողականօրէն, շատ յաճախ նաեւ սիրով կը կատարեն թշնամական պետութեան թելադրանքը մեր հայրենիքին մէջ: Թշնամին կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ, բացայայտ յաւակնութիւններ կը ներկայացնէ նոր տարածքներու նկատմամբ եւ չկայ որեւէ դիմադրութիւն: Իշխանութիւններուն առաջարկած բանաձեւը հետեւեալն է` տանք որքան կ՛ուզեն` յոյս ունենալով որոշակի պահու մը հասնիլ խաղաղութեան: Սա ձախողած ճամբայ է, եւ Արցախի հայաթափումէն ետք առնուազն, անոնք, որոնք յոյս ունէին, որ տանք, խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, առնուազն հիմա պիտի հասկնան, որ սա կեղծ է, պիտի տանի նոր փորձութեան եւ ըստ էութեան մեր պետականութիւնը պիտի դնէ հարցականի տակ», ըսած է ան:
Ըստ Սաղաթէլեանի, միւս խնդիրը այն է, որ այսօր Արեւմուտքը կը փորձէ Ռուսիոյ դէմ նոր ճակատ բանալ` ի դէմս Հայաստանի. «Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հետեւանքով այսօր մեր երկիրը դարձած է ուժային կեդրոններու ազդեցութիւններու բախման միջավայր, որ յղի է ծանր հետեւանքներով: Այս պայմաններուն մէջ ցաւօք, կը շարունակուին ներքին պառակտումները, կը շարունակուի պայքարը ազգային կառոյցներու, եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայկական ինքնութեան նկատմամբ: Այս իրավիճակին մէջ մենք պէտք է պայքարինք թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին թշնամիներու դէմ»: