Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնք երկրէն ներս տեղի պիտի ունենան  31 Մարտին, գործող օրէնսդրութեամբ վերջինը պիտի ըլլան իրեն համար:

«Ինծի համար այս աւարտ է: Այս ընտրութիւնները իմ վերջին ընտրութիւններն են օրէնքով տրուած լիազօրութիւններու շըրջագիծէն ներս», vesti.ru-ի հաղորդմամբ, անոր խօսքերը մէջբերած են պատկերասփիւռի տեղական կայաններ:
Էրտողան ըսած է, որ այս ընտրութիւններուն արդիւնքներով գործերը կը փոխանցուին անոնց, որոնք կը ղեկավարեն երկիրը իրմէ ետք: