Դամասկոսի հայ գաղութը վերջին տասնամեակին չունեցաւ այն նախկին ծաղկուն ու փայլուն հմայքը, ինչ որ ունէր նախքան Սուրիոյ պատերազմը։
Իրատես ըլլալու համար տեղին է ետդարձ ակնարկով լուսարձակի տակ առնել բոլոր այն գործօնները, որոնք գլխիվայր շրջեցին մարդկային ըմբռնումներն ու նախանձախնդրութիւնը ազգային արժէքներու նկատմամբ, բացասական ազդեցութիւն թողլով  բարեկեցիկ ժողովուրդին վրայ բոլոր մարզերէն ներս՝ տնտեսական, ընկերային, կրթական եւ միութենական։
Ա) Տնտեսական իրավիճակ
Սուրիոյ անողոք պատերազմը, անոր առընթեր կիրարկուած «Կայսեր» պատժամիջոցներն ու շրջափակումը եւ ահռելի երկրաշարժը, որոնց հետեւանքով յառաջացած տնտեսական տագնապը, մանաւանդ սուրիական թղթոսկիի արժեզրկումն ու անկումը եւ օրըստօրէ ահագնացող սղաճը կենցաղային ծանր ճգնաժամի մէջ խրեցին ժողովուրդը։
Սուրիոյ տնտեսութիւնը վերջին տասնամեակին մեծ անկում արձանագրեց պատերազմին, տնտեսական շրջափակումին եւ արեւմուտքի կիրարկած պատժամիջոցներուն հետեւանքով: Այս կացութեան լոյսին տակ Սուրիոյ ժողովուրդին համարեա՛ մեծամասնութիւնը կը գտնուի աղքատութեան սեմին։ Նշեալ պատճառներուն հետեւանքով սպառեցան եկամտաբեր բոլոր աղբիւրները եւ անկում կրեց տեղական արդիւնաբերութիւնը, որ կարեւոր տեղ կը գրաւէր համաշխարհային տնտեսութեան մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, երբ  պաշտօնեաներու ամսական միջին աշխատավարձը 2010-էն առաջ կը տարուբերէր 200-500 ամ. տոլարի միջեւ, ներկայիս կը տարուբերի 20-50 ամ. տոլարի միջեւ։ Համաձայն ՄԱԿ-ի համաշխարհային պարէնային անվտանգութեան տուեալներուն, Սուրիոյ ժողովուրդի 67 առ հարիւրը ենթակայ է սովի վտանգին եւ կարիքը ունի նիւթական օժանդակութեան։
Դժուար է ըմբռնել այս ցաւալի իրողութիւնը բոլոր անոնց համար, որոնք լաւատեղեակ են Սուրիոյ տնտեսութեան բարգաւաճման նախապատերազմական շրջանին, երբ Սուրիոյ տնտեսութիւնը տեղական մակարդակով կ’արտադրէր եւ կը բաւարարէր ժողովուրդի պէտքերուն 75-80 առ հարիւրը՝ սննդամթերք, դեղորայք ու կենցաղային այլ պարագաներ, տնտեսական ու ընկերային զարգացման հիմնադրամի եւ վիճակագրական կեդրոնական գրասենեակի տուեալներուն համաձայն։
Քարիւղի արտադրութիւնը օրական կը կազմէր մօտաւորապէս 450 հազար տակառ, որ բաւարարելէ ետք տեղական պէտքերը, օրական դրութեամբ 150 հազար տակառի քանակով կ’արտածուէր այլ երկիրներ։
Սուրիան կը համարուէր հինգ առաջնակարգ երկիրներէն մէկը՝ իր բամպակի արտադրութեամբ եւ անասնապահութեամբ։ Իսկ ցորենի արտադրութիւնը կը տարուբերէր 3,5 – 6 միլիոն թոնի միջեւ տարեկան դրութեամբ, ինչ որ տեղական կարիքները կը գերազանցէր։
Շատ մը շրջաններու մէջ, հակառակ տեղի ունեցած երաշտի հետեւանքներուն, կարգ մը արտադրութիւններ եւ ծառայութիւններ՝հաց, շաքար, բրինձ, դեղորայք, բժշկութիւն եւ կրթութիւն, նախքան պատերազմը հասանելի էին բոլորին՝ մատչելի գիներով եւ գրեթէ ձրիօրէն։ Սուրիան իր արտադրութիւններու աժանութեան եւ մատուցած բարձրորակ ծառայութեան ըլլալուն համար դարձած էր զբօսաշրջիկներու ուշադրութեան կիզակէտը: Փաստօրէն 2010-ին Սուրիա այցելած է աւելի քան 8 միլիոն զբօսաշրջիկ։
Սակայն այսօրուան դրութեամբ, կենսական արտադրութիւնները հազուագիւտ են գործարաններու քանդումով եւ արեւմուտքի կիրարկած առեւտրական պատժամիջոցներու ազդեցութեան տակ։ Ասոնց առընթեր, քանդուեցան նաեւ կամուրջներ, ճամբաներ եւ երկաթուղիներ, ինչպէս նաեւ աւերուեցան ելեկտրական կայաններու, քարիւղի եւ կազի խողովակներուն 70 առ հարիւրը։
Պատերազմի պատճառով աւելի քան 400.000 մարդ զոհուեցաւ եւ նոյնքան ու աւելի հաշմանդամներ ունեցաւ երկիրը, ինչպէս նաեւ աւելի քան 5,6 միլիոն արտագաղթողներ եղան, որոնց հետեւանքով Սուրիոյ տնտեսութիւնը կորսնցուց իր արհեստավարժ  աշխատողներն ու գործարարները։
Տնտեսական այս տագնապը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան եւ մասնաւորապէս Դամասկոսի հայ գաղութին վրայ, ուր մեծ թիւով երիտասարդ ուժեր գաղթեցին եւ հետզհետէ նօսրացաւ հայութեան թիւը վերջին տարիներու տնտեսական ծանր պայմաններուն հետեւանքով: Դամասկոս մնացող ժողովուրդը կը տառապի՝ զրկուելով ապրուստի նուազագոյն կարելիութիւններէն, իսկ ժողովուրդին մեծ մասը կենցաղային, ընկերային եւ առողջապահական դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի։
Յոյսով ենք, որ ազգային կառոյցներու եւ բարեսիրական միութիւններու ջանքերով պիտի կարենանք շրջանցել տնտեսական այս անձուկ պայմանները։
Բ) Ընկերային իրավիճակ
Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ընկերութեան մը բաղադրիչները կազմող հաւաքականութիւններուն յարաբերութիւնները եղած են ակնառու՝ շփման սերտ կապերով ազգականներու, հարազատներու, դուռ-դռկիցի հետ։ Միշտ մէկը միւսին ցաւին, տխրութեան հետ՝ տառապած, մէկը միւսին ուրախութեան՝ մասնակից դարձած,  իրարու առօրեային մասին՝ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած, յաճախ օգնութեան ձեռք երկարած՝ ի պահանջել հարկին, մէկ խօսքով՝ ներդաշնակ ու բարօր կեանք մը ստեղծած։
Սակայն ի՞նչ փոյթ, բնութիւնը միշտ ալ եկած է խանգարելու մարդկային խաղաղ կեանքի անդորրութիւնը։
Վերջին քանի մը տարիներուն, երբ Սուրիոյ ժողովուրդը տակաւին իր վրայէն նոր թօթափած էր պատերազմի ազդեցութիւնը, պսակաձեւ ժահրի համաճարակը իր թաթը տարածեց ողջ մարդկութեան վրայ եւ անշո՛ւշտ՝ Սուրիոյ ժողովուրդին: Դամասկոսի հայ գաղութն ալ անմասն չմնաց այս վախազդու համաճարակէն։ Ահա՛ ճիշդ այդ պատճառով մարդիկ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար սկսան մէկուսանալ եւ ինքնամփոփ կեանք մը ապրիլ՝ անդամալուծելով հաւաքական ապրելաոճը։ Մարդուն կենցաղը փոխուեցաւ, ան հարկադրաբար լքեց եւ հեռացաւ ընկերային կեանքէն։
Ասոր առընթեր համաշխարհայնացման ընձեռած «բարիքները»՝ ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր մարդը, հոգեզուրկ եւ արժեզուրկ մարդը մեքենայացած աշխարհին մէջ, նաեւ բջիջայինը, համացանցն ու նորօրեայ արդիական բանականութիւնը մտան մարդոց տուներէն ու հոգիներէն ներս՝ նոր հորիզոններ բանալով անոնց առջեւ, միաժամանակ շլացուցիչ միջոցներով ուժգնօրէն հարուածեցին ամէն տեսակի մարդկային ազնիւ զգացում, բարոյական ըմբռնում ու ազգային մշակոյթի արժէքներ։
Համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ  կլանուած հայ մարդը, ի մասնաւորի հայ պատանին ու երիտասարդը այլեւս կարողութիւն ունին ստեղծելու իր երեւակայական աշխարհը, ուր կրնան գտնել իրենց ամբողջական երջանկութիւնը։
Այս բոլորէն բացի, Դամասկոսի հայութեան իրարմէ հեռու աշխարհագրական տարածքներու մէջ ցրուած ըլլալը մեծապէս կը դժուարացնէ ընկերային կեանքի աշխուժացումը։ Երթեւեկութեան եւ վառելանիւթի ապահովման դժուարութիւնները նաեւ տնտեսական ճգնաժամն ու սղաճը պատճառներ են ընկերային յարաբերութիւններուն թուլացման։
Այս երեւոյթներուն առաջքը առնելու եւ ժողովուրդին ընկերային կեանքը աշխուժացնելու նպատակով ազգային կառոյցներն ու միութիւնները մեծ ճիգ ի գործ կը դնեն՝ կազմակերպելով զանազան միջոցառումներ, երբեմն անվճար ձեւով կը փորձեն ի մի բերել գաղութի զաւակները։
Այս միտումով  «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութիւնը գեղեցիկ մէկ օրինակը տուաւ, երբ յաջորդական երկու տարիներուն հանրային եւ ժողովրդային հաւաքներ կազմակերպեց՝Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման 104-ամեակին եւ խաչվերաց տօնին առիթներով, համագործակցութեամբ բարեսիրական, մշակութային , մարզական եւ երիտասարդական միութիւններուն, որոնք մեծ ընդունելութիւն գտան ժողովուրդին կողմէ։
Կ’ակնկալուի, որ նման նախաձեռնութիւններ յաճախակիօրէն կրկնուին՝ ժողովուրդի լայն շրջանակները միատեղ համախմբելու եւ ներառնելու զանոնք ազգային միութենական կեանքին մէջ, ապահովելով գաղութի կենսունակութիւնը եւ հայապահպանումը Սփիւռքի մէջ։
Գ) Կրթական կեանք 
Դամասկոսի հայ գաղութի կրթական համակարգը վերջին տասնամեակին  անմասն չմնաց պատերազմի, համաճարակի, երկրաշարժի ու տնտեսական տագնապի անմիջական եւ բացասական ազդեցութիւններէն։
Բոլոր կրթօճախները հայկական ոգիով տոգորուած, հաւատարիմ մնալով իրենց առաքելութեան կը շարունակեն մնալ նոյն հաւատքով  եւ ջատագով կը հանդիսանան նոր սերունդի հայեցի կրթութիւն ջամբելու եւ հայապահպանման աշխատանքներուն սատարելու։
Գաղութին մէջ կը գործեն հինգ հայկական վարժարաններ՝ Ազգ.Միացեալ ճեմարան, Ազգ. Թարգմանչաց ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի Սահակեան վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Փարոս ճեմարան եւ Հայ Աւետարանական Կենաց վարժարան։
Ակնյայտ է այսօր, որ բոլոր դպրոցները լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն՝  որոնցմէ լրջագոյնն ու մտահոգիչը հայերէն լեզուի նահանջն է ամէնուրեք։ Կարելի է թուել բազմաթիւ պատճառներ։
Առաջին հերթին պատերազմի պատճառով բազմաթիւ ընտանիքներ քաղաքէն դուրս գաղթեցին, որուն հետեւանքով նուազեցաւ հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան թիւը, ճամբայ բանալով տեղացի աշակերտութեան հոսքին: Տեղացիները թուային տոկոսային համեմատութեամբ դարձան հայ աշակերտներու թիւին կրկնապատիկը եթէ ոչ աւելին։ Խառն ամուսնութիւններու  պատճառով բազմացաւ վարժարաններէն ներս  խառնածին աշակերտներու թիւը, որ անուղղակիօրէն իր դերը կ՛ունենայ հայ լեզուի նահանջին մէջ։
Ցաւալի իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Հայ աշակերտը այլեւս պարտադրուած է դպրոցէն ներս շփման մէջ մըտնել տեղացի դասընկերներու հետ եւ բնականաբար կամայ-ակամայ օտար լեզուով հաղորդակցիլ անոնց հետ՝ նահանջելով բանիւ եւ գործով։ Թերեւս ասոր մէջ որոշ չափով դեր ունի նաեւ հայ ընտանիքներու եւ անոնց զաւակներու անտարբերութիւնը հայերէն լեզուին նկատմամբ, նորարարական այս աշխարհին մէջ քայլ պահելու պատճառաբանութեամբ։
Համաշխարհայնացման ընձեռած «բարիքները» իրենց աւերը կը գործեն անկասկած, ձեւաւորելով հոգեզուրկ եւ ազգային արժէքներէ զուրկ արդի աշխարհաքաղաքական մարդը։
Նման երեւոյթի մը դիմաց հարկ է որ պատասխանատու մարմինները լուրջ քայլերու դիմեն՝ կասեցնելու համար հայ լեզուին նահանջը։ Հետեւաբար իւրաքանչիւրս պէտք է գիտակցի, որ պարտաւոր է միշտ հայերէն խօսիլ, հայերէն մտածել եւ հայերէն գրել՝ դէմ դնելով այլասերման վտանգին, մանաւանդ մայրենի լեզուին ճամբով պահպանելու մեր ազգային մշակոյթը, ազգային ինքնութիւնն ու նկարագիրը:
Սփիւռքի մէջ յարատեւ պայքար ունինք մղելիք հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու համար: Այս համոզումով ու հաւատքով պէտք է գործենք գիտակցութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ: Փաստօրէն ունինք թիւով քիչ, սակայն ուսումնատենչ ու յառաջադէմ երիտասարդներ, որոնք մեր կիզակէտին մէջ մնալով կրնան նոր ձեռքբերումներու առաջնորդել մեզ:
Դ) Միութենական կեանք
Սփիւռքահայ սերունդներու ազգային գաղափարական կազմաւորման ու ինքնաճանաչման մէջ անփոխարինելի են միութիւններու դերն ու ներդրումը։
Որպէս սփիւռքահայեր՝ հայկական ակումբը, հայ դպրոցի կողքին, հիմնական դեր ունեցած է հայպահպանման եւ հայեցի դաստիարակութիւն մատուցելու նոր սերունդներուն, հայ մշակոյթի ծանօթացման եւ պահպանման ճամբով:
Հայ անհատի մը համար միութենական կեանքը իր առօրեային հիմնական մէկ մասն է: Դամասկահայը մանուկ հասակէն կը յաճախէ ակումբ եւ կը սկսի մխրճուիլ միութենական կեանքին մէջ. հոն կը կերտէ իր ինքնութիւնը, կը սորվի կամաւոր աշխատանքը եւ ծառայութեան բարիքները, խմբային աշխատանքը, ղեկավարութեան հմտութիւնը, աշխատասիրութիւն եւ ինքնավստահութիւն եւայլն:
Սուրիահայ համայնքի բոլոր ակումբներուն մէջ կը գործեն երիտասարդական եւ ազգային միութիւններ, նոյնն է պարագան Դամասկոսի, ուր «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս կը գործեն հետեւեալ միութիւնները.
– Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Էրէբունի» մասնաճիւղը, որ միշտ օժանդակ կը դառնայ գաղութի ընկերային, կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական ճիգերուն, նիւթական պէտքերը կը հոգայ գաղութի կարօտեալներուն: Անոր կողքին կը կազմակերպէ տարեկան աւանդական տօնավաճառներ, դասախօսական ձեռնարկներ, պտոյտներ, նախընթիքներ, դասընթացքներ եւ հայ աւանդական առիթներու զանազան ձեռնարկներ:
– Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղը, որ մասնագիտացած է հայկական մշակոյթի ծանօթացման եւ պահպանման աշխատանքով: Ան կը կազմակերպէ գեղարուեստական եւ դասախօսական ձեռնարկներ, դասընթացքներ եւ ընթրիքներ:
– ՀՄԸՄ-ի «Դամասկոս» մասնաճիւղը, որ կը համախմբէ գաղութի բոլոր մանուկներն ու երիտասարդները, որոնք շաբաթական հերթականութեամբ գայլիկական եւ սկաուտական ժողովներ կը գումարեն, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպեն միօրեայ գործունէութիւններ եւ դաստիարակչական սեմինարներ: Անոր կողքին կը գործէ մասնաճիւղի շեփորախումբը, որ տարուան ընթացքին զանազան ելոյթներ կ’ունենայ: Իսկ միութեան տարուան գլխաւոր աշխատանքը կ’ըլլայ տարեկան բանակումը: Վերջին երկու տարիներուն բախտաւորուած էինք կրկին «Քեսապի» մէջ բանակելու: Վարչութեան հիմնական աշխատանքներէն է նաեւ կազմակերպել մարզական մրցաշարքեր, մանուկներու Ամանորի խրախճանք, Ս. Ծնունդի Աւետում, Ս. Զատիկի առթիւ ճաշկերոյթ, տարեկան Քերմէս եւ այլ տողանցքներ ու ձեռնարկներ:
Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղը, որ կը բաղկանայ խումբ մը երիտասարդներէ, կը հաւաքուի շաբաթական հերթականութեամբ, կ’ունենայ յատուկ դասախօսական շարքեր, զրոյցներ, ընկերային գործունէութիւններ եւ ընթրիքներ: Մասնաճիւղի ընկերները ամէն տարի կը մասնակցին Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած միջմասնաճիւղային բանակումներու եւ այլ սեմինարներու:
Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղը, ուր կը համախմբուին հայ  պատանիներ, իսկ վարիչ-դաստիարակ կազմը անոնց կը փոխանցէ յատուկ դաստիարակչական ծրագիր: Պատանիները կը սորվին ազգային եւ յեղափոխական երգեր, կ’ունենան միօրեայ գործունէութիւններ եւ զանազան առիթներու խրախճանքներ:
Պատանիները եւս մեծ ուրախութեամբ կը մասնակցին Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի կազմակերպած միջ-մասնաճիւղային բանակումներուն եւ սեմինարներուն։
Սակայն այսօր դժուարութիւնները շատ են, գաղութի միութենական կեանքը Սուրիոյ պատերազմէն առաջ կը տարբերէր այսօրուան կեանքէն.
Երիտասարդներու մեծամասնութեան քաղաքէն դուրս ճամբորդութիւնը հսկայ ազդեցութիւն ունեցաւ մարդուժի իմաստով, թէ երիտասարդական, թէ մշակութային, բարեսիրական միութիւններու մէջ: Այսօր երիտասարդները սակաւաթիւ ներկայութիւն ունին ՍՕԽ-ի եւ Համազգայինի մէջ: Երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուար իրավիճակին հետեւանքով շատ մը  անդամներ հեռացած են իրենց միութենական աշխատանքէն:
Բայց այս բացը գոցելու եւ գործերը հեզասահօրէն կազմակերպելու նպատակով «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնը յառաջացուցած է միջմիութենական յանձնախումբ մը, որ կը հաւաքուի ամսական հերթականութեամբ, կը զրուցէ գաղութի եւ միութիւններու իրավիճակներուն, ակումբի բարեզարդման աշխատանքներուն շուրջ եւ կը ծրագրէ հանրային ձեռնարկներ:
Ի վերջոյ, միութենական կեանքը դիւրին չէ, ան կ’ենթադրէ յարատեւ եւ կամաւոր աշխատանք, ժամանակի տրամադրում եւ անկասկա՛ծ պատրաստակամութիւն՝ ընդհանուր մէկ նպատակի համար՝ ծառայել ազգին ու հայրենիքին, հասնիլ համայնքի հայորդիներու կարիքներուն:
Կը հաւատանք, որ երկրի պայմաններու աստիճանական բարելաւումով ու մեր բոլորին հաւաքական ճիգերու լարումով կարելիութիւն կ’ունենանք դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ վերակազմակերպման աշխատանքի մղուելու: Մինչ այդ հարկ է մեր ուժերը կեդրոնացնել եղածը ամուր պահելու եւ տարբեր լուծումներ առաջադրելով սատար կանգնելու մեր միութենական նուիրեալ մարդուժին:
Տեղեկագիրը 
գործակցաբար պատրաստեցին՝
Սոնա Անտրեան 
Արամ Աճէմեան
Մարի Գարակէօզեան